Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ Բժշկական Նոր Սարքերու Բացման Արարողութիւն

September 5, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 3 մարտ 2021-ին Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ համաձայնագրի մը ստորագրութիւնը` Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Օքուպօ Թաքեշիի եւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի միջեւ. ըստ համաձայնագիրին, Ճափոնի ժողովուրդը «Գարակէօզեան» հաստատութեան յատկացուց զանազան բժշկական սարքեր 90.000 տոլար արժողութեամբ:

Բժշկական այս սարքերու բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 31 օգոստոս 2022-ին «Գարակէօզեան» հաստատութեան կեդրոնական շէնքին մէջ: Ներկայ էին` Լիբանանի առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապեատ, Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Օքուպօ Թաքեշի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեան, հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ պատուելի Նշան Պաքալեան, Լիբանանի «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, վարչական կազմի անդամներ, Լիբանանի դրամատան փոխկառավարիչ Ալեք Մուրատեան, նախկին նախարար Վարդի Օհանեան, պետական, ազգային կառոյցներու, համալսարաններու, դպրոցներու եւ քոյր կազմակերպութիւններու տնօրէններ եւ ներկայացուցիչներ:

Առաջին բաժինով առողջապահութեան նախարարի, Ճափոնի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպաններու եւ Սերոբ Օհանեանի ձեռամբ կատարուեցաւ բժշկական սարքերու գործածման բացման արարողութիւնը, ապա ներկաները ուղղուեցան Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարանի սրահը, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական բաժինը:

Բացման խօսքը կատարեց հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, որ ներկաներէն խնդրեց մէկ վարկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը օգոստոս 4-ի Պէյրութի աղիտալի պայթումի անմեղ զոհերուն:  Ապա ներկայացուց հաստատութեան կարճ պատմականը` շեշտը դնելով այն իրողութեան վրայ, թէ ինչպէս Գարակէօզեան ընտանիքը համաճարակի պատճառով իրենց զաւակի կորուստը կրցան վերածել սպեղանիի եւ մահը` կեանքի, յատկապէս այն ժամանակահատուածին, երբ տեղի ունեցաւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ թուրք կառավարութիւնը, բարբարոս ջարդի կողքին, պարտադրեց հայերուն ըլլալ տեղահան եւ որպէս գաղթական բռնել աքսորի ճամբան: Այն ժամանակ բազմաթիւ հայեր եկան եւ հաստատուեցան Լիբանան:  Շարունակելով իր խօսքը` Ս. Օհանեան ըսաւ. «Այսօր, հարիւր տարիներ ետք դարձեալ կը գտնուինք գաղթականութեան առջեւ, կրկին համաճարակ եւ դարձեալ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը ներկայ է,  հաւատարիմ իր հիմնադրութեան առաքելութեան` մատուցելու բժշկական անմիջական խնամք անխտիր բոլորին»: Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ, որ 2019 թուականին հաստատութիւնը տարեկան ընդունած էր 49.000 հիւանդ, մինչ այսօր արդէն թիւը հասած է տարեկան 200.000 հիւանդի, եւ ներկայիս հաստատութիւնը  կը շարունակէ խորհրդանշական գումարներ ընդունելով` մատուցել բժշկական զանազան ծառայութիւններ, դեղորայք, տարրալուծարանային քննութիւններ, մտային առողջապահութեան եւ այլ ծառայութիւններ: Խօսքի աւարտին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ճափոնի ժողովուրդին` իր կատարած օժանդակութիւններուն համար, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Լիբանանի առողջապահական նախարարութեան:

Ապա հրաւիրեց Ճափոնի դեսպան Օքուպօ Թաքեշին, որ իր ուրախութիւնը, որ ներկայ է այս արարողութեան եւ հաստատեց, որ իր երկիրը` Ճափոնը, ըլլալով Լիբանանի բարեկամ երկիր, պիտի շարունակէ հայթայթել օժանդակութիւն, որպէսզի Լիբանանը կարենայ դիմագրաւել այս դժուարին օրերը:

Խօսք առաւ նաեւ առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապեատ, որ իր կարգին շեշտեց առաջնակարգ առողջապահական կեդրոններուն կարեւորութիւնը Լիբանանի մէջ, անդրադարձաւ հաստատութեան պատմականին, թէ ինչպէս հարիւր տարուան ծառայութեամբ անիկա կրցաւ լաւագոյն օրինակը հանդիսանալ` յաղթահարելու դժուարութիւնները եւ զանոնք վերածելու դրական առիթներու: Նախարարը բարձրօրէն գնահատեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան մատուցած ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ճափոնի կառավարութեան եւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպանին` իրենց կատարած օժանդակութեան համար ընդհանրապէս եւ յատկապէս բժշկական մարզին մէջ` տրամադրելով  բժշկական սարքեր եւ solar power system  Լիբանանի կարգ մը պետական հիւանդանոցներուն:

Խօսքերու աւարտին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ ներկայացուեցան հաստատութեան կատարած բազմազան աշխատանքները, օգոստոս 4-ին Պէյրութի աղէտալի պայթումին հետեւանքները, վերակառուցման ընթացքը եւ Ճափոնի դեսպանութեան կատարած օժանդակութիւններուն վերաբերող համաձայնագիրներու ստորագրութիւնները` 2010, 2014 եւ 2021 թուականներուն:

Յայտագրի աւարտին տնօրէն Սերոբ Օհանեան առողջապահութեան նախարարին ու Ճափոնի դեսպանին  նուիրեց հայկական ձեռագործ  նուռը` իբրեւ խորհրդանիշ կեանքի եւ պտղաբերումի:

Ձեռնարկը փակուեցաւ հիւրասիրութեամբ:

 

Նախորդը

Խաշմանը` Արժանաւոր Կերպար Մը Եւս

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն 2. Համազգայինի «Քնար» Պարախումբին Մասնակցութիւնը Յունաստանի Քոմոթինի Քաղաքին Հայկական Պարի Փառատօնին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.