ՄԱԿ-ի Ցեղային խտրականութեան ջնջման յանձնախումբի եզրափակիչ նկատումներուն մէջ արձանագրուած են 2020 թուականին Արցախի վրայ յարձակումի ընթացքին եւ ատկէ ետք Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու դէպքերը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը տեղեկանանք Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հրապարակած հաղորդագրութենէն:
«Գոհունակութեամբ կը նշենք, որ ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու ջնջման մասին ուխտով Ազրպէյճանի կողմէ ստանձնուած պարտաւորութիւններու կատարման վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ցեղային խտրականութեան ջնջման յանձնախումբի եզրափակիչ նկատումներուն մէջ տեղ գտած են 2020 թուականին Արցախի դէմ յարձակումի ընթացքին եւ ատկէ ետք Ազրպէյճանի կողմէ գործուող մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու դէպքերը:
«Յանձնախումբի արձանագրած մտահոգութիւնները ազգութեամբ եւ ծագումով հայերու նկատմամբ ցեղային ատելութեան հրահրումներու եւ ցեղապաշտական կարծրատիպերու քարոզչութեան վերաբերեալ, ներառեալ Ազրպէյճանի պետական պաշտօնատարներու կողմէ, ինչպէս նաեւ պատշաճ հետաքննութեան բացակայութիւնը լաւագոյնս կը վկայեն այն մասին, որ Ազրպէյճանի մէջ խտրական քաղաքականութիւնը կ՛իրականացուի պետական մակարդակով:
«Յանձնախումբին կողմէ մատնանշուած միւս բոլոր դէպքերը` ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ հայ պատերազմական գերիներու եւ քաղաքայիններու իրաւունքներու կոպիտ խախտումները, ներառեալ արտադատական սպանութիւնները, խոշտանգումները, դաժան վերաբերմունքը եւ կամայական կալանաւորումները, ինչպէս նաեւ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացումը կ՛իրականացուին համաձայն Ազրպէյճանի պետական խտրական քաղաքականութեան եւ իբրեւ ատոր շարունակութիւն:
«Յանձնախումբին կողմէ ներկայացուած նկատումները մաս կը կազմեն տասնամեակներու ընթացքին Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ իրականացուող Ազրպէյճանի համակարգային եւ լայնածաւալ խտրական քաղաքականութեան: Պետական մակարդակով Ազրպէյճանի խտրական քաղաքականութեան իրականացումը կը վկայէ, որ Արցախի ժողովուրդին ընտրած ուղին եւ անկախ պետականութեան կառուցումը այլընտրանք չունին: «Համոզուած ենք, որ Արցախի միջազգային ճանաչումը հասունցած է` իբրեւ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու կանխարգիլման ուղղուած արդիւնաւէտ միջոցներու կիրարկման վերաբերեալ միջազգային ընտանիքին կողմէ ստանձնուած պարտաւորութեան իրականացման դրսեւորում», նշուած է Մարդկային իրաւանց պաշտպանի հաղորդագրութեան մէջ:


