Հարաւային Կովկասի մէջ եւրոպական գործունէութիւնը պայմանաւորուած է աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւններով: Այս մասին երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Մեր կարծիքով, ասիկա որեւէ կապ չունի հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստելու իրական ցանկութեան հետ: Ես պիտի ըսէի, որ եւրոպացիներու այս կեղծ նախաձեռնութիւնները աւելի նման են միջնորդութեան դափնիները անամօթաբար իւրացնելու փորձի, որուն տակ ոչինչ կայ», ըսած է Զախարովա:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ըսած է, որ այս ուղղութեամբ Ռուսիոյ աշխատանքը կը բերէ շօշափելի արդիւնքներու եւ համապատասխանաբար կը գնահատուի կողմերուն կողմէ:
«Անոնք, որոնք միջնորդ կը ձեւանան, չըլլալով այդպիսին, ըստ երեւոյթին, ոչինչ ունին առաջարկելու եւ ընդունակ չեն, սակայն կ՛ուզեն ձեւով մը իրենց այստեղ մասնակցութիւնը ցոյց տալ», ըսած է Զախարովա:


