Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ թուիթըրեան գրառում մը կատարեց իմամ Մուսա Սատըրի անյայտ կորսուելուն 44-ամեակին առիթով:
Նախագահ Աունի գրառումը հետեւեալն էր. «Իմամ Մուսա Սատըրի անյայտ կորսուելուն 44-ամեակին առիթով կը հաստատենք, որ ան տակաւին ներկայ է մեր մէջ` իր միտքով, համերաշխութեան Լիբանանին նկատմամբ հաւատքով ու լիբանանցիները միասնականացնելու իր ջանքերով:
Մինչ լիբանանցիները այս դժուար պայմաններուն մէջ կը զգան նման ազգային եւ հոգեւոր հեղինակութեան մը բացակայութիւնը, իմամ Մուսա Սատըրի կեցուածքները կը շարունակեն մնալ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն փրկութեան համար աշխատելու ներշնչարան»:


