ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 536 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 32.700 լ. ոսկի է:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սեզար Ապի Խալիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին կապուած հարցերն ու Ալէյի կարիքները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ համալսարանի նախագահ Պասսամ Պըտրան յայտնեց, որ Լիբանանեան համալսարանը կրթական իր նոր տարեշրջանին պիտի սկսի, եւ պետութենէն պահանջեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին գումարներ ապահովել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ մօտիկ ապագային հանդիպում մը պիտի կայանայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ: Ան նկատել տուաւ, որ մեծ ճիգեր ի գործ կը դրուին կառավարութեան կազմութեան նպատակով:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ իրենք «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրինագիծը կը մերժեն, որովհետեւ տնտեսական եւ ելեւմտական ապաքինման ամբողջական ծրագիր գոյութիւն չունի:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանին` ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական հարցերու խորհրդական սէյիտ Հասան Խալիլիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն առաջարկուած իրանեան նախաձեռնութիւնները: Քննարկումի առարկայ դարձան նաեւ շրջանային եւ միջազգային զարգացումները:


