Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս Ժե. Աղաճանեանի Կիսանդրիի Բացում

August 30, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 28 օգոստոս 2022-ին, Քեսապի կաթողիկէ Հայոց Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի յիշատակը յաւերժացնող կիսանդրիի բացում` Քեսապի շրջանին Սուրիոյ վերամիաւորման համար երջանկայիշատակ կարտինալին կատարած մեծ միջնորդութեան 83-ամեակին առիթով: Այս առիթով սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան:

Գերապայծառ Ասատուրեան այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ նշեց, որ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. կաթողիկոս պատրիարքը մեծ եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Քեսապը եւ անոր շրջակայ գիւղերը սուրիական գերիշխանութեան վերադարձնելու իմաստով` Սուրիայէն բռնախլուելէ եւ 1939-ին Թուրքիոյ միացուելէ ետք: Ան նաեւ պաշտպանեց սուրիական իրաւունքները Ալեքսանտրեթի նահանգին հարցով: Ան այսքանով չբաւարարուեցաւ, այլ նաեւ պաշտպանեց ընդհանրապէս պաղեստինեան եւ արաբական դատերը:

Պատարագին աւարտէն ետք ներկայ հոծ բազմութիւնը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ` ներկայ գտնուելու համար կարտինալ Աղաճանեանի կիսանդրիի բացումին: Խօսք առաւ Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ վրդ. Լուիսեան, որ ըսաւ, թէ հաւաքուած ենք այս օրհնեալ եկեղեցւոյ մէջ արտայայտելու համար մեր յարգանքի եւ գնահատանքի զգացումները այս մեծ հայուն` Աղաճանեան կաթողիկոս պատրիարքին նկատմամբ: Շնորհիւ կարտինալ Աղաճանեանի թափած ջանքերուն եւ աշխատանքին, ինչպէս նաեւ անմնացորդ նուիրուածութեան, հայ ազգը արժանացաւ միջազգային ընտանիքի յարգանքին:

Նշենք, որ Վատիկանի եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են յառաջ տանելու համար կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս պատրիարքի սրբադասման դատը:

Նախորդը

Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. «Հայոց Նորագոյն Պատմութեան Էջերէն (1915-2020)» (Հեղինակ` Զաւէն Մսըրլեան)

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.