Ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք գրեթէ վստահ է, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին հարցով լուծումներ պիտի ըլլան, որովհետեւ միջազգային ընտանիքը սկսած է անսալ լիբանանեան կեցուածքին:
Հաժժար ընդգծեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն մասին որոշումը լիբանանեան պետութեան կը պատկանի` աւելցնելով, որ Լիբանան լաւ գիտէ իր շահերը եւ կը զօրակցի միջազգային ընտանիքին:
Հաժժար հաստատեց, որ տեղահանուածներու թղթածրարին մասին այս շաբթուան ընթացքին ՄԱԿ-ի հետ պիտի կատարուին բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւններ եւ հանդիպումներ:
Հաժժար նաեւ նշեց, որ Լիբանան իր կեցուածքը ճշդած է եւ վճռած, որ կարելի չէ այս ձեւով շարունակել:
«Մեր որոշումը յստակ է. որոշումի մայրաքաղաք նկատուող երկիր մը պէտք է պատրաստուի հիւրընկալել սուրիացի այն տեղահանուածները, որոնք Սուրիա վերադառնալու կարողութիւն չունին», շեշտեց Հաժժար:


