Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կլենտէյլը Եւ Մարտունին Քոյր Քաղաքներ Հռչակուեցան

August 26, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդը 23 օգոստոսին միաձայնութեամբ որդեգրած է Կլենտէյլ քաղաքին եւ Արցախի Մարտունի քաղաքին միջեւ իբրեւ քոյր քաղաք յարաբերութիւններ հաստատելու որոշում մը:

Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբը շնորհաւորած եւ այս պատմական պահուան համար շնորհակալութիւն յայտնած է Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդի միաձայն քուէարկութեան համար:

Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտաշէս Քասախեանի եւ քաղաքային խորհուրդին անդամ Արա Նաճարեանի գլխաւորութեամբ քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ կը հաստատէ երկարաժամկէտ գործընկերութիւն երկու քաղաքներու միջեւ` բանալով մշակութային, կրթական, մասնագիտական եւ մարդասիրական համագործակցութեան կարելիութիւններ:

«Այս համաձայնագիրով մեր երկու քաղաքներուն միջեւ տեղի ունեցող փոխանակումներէն մենք շատ բան կրցանք շահիլ: Բացի ատկէ, այս յարաբերութիւնները յստակ պատգամ կ՛ուղարկեն, որ մենք կանգնած ենք Արցախի ժողովուրդին եւ անոր արդար իրաւունքներուն կողքին` խաղաղ ապրելու իր պապենական հողին վրայ` զերծ Ազրպէյճանի յարձակումէն», նշած է քաղաքապետ Քասախեան` Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբին ուղղուած յայտարարութեան մէջ:

«Մարտունեցիները պիտի ոգեւորուին մեր ցուցաբերած աջակցութենէն, նաեւ զբօսաշրջութեան եւ ելեւմտական աջակցութեան ասպարէզներուն մէջ», խորհուրդի նիստին մեկնաբանեց բանաձեւը երկրորդած խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեանը` անդրադառնալով Ամարասի վանք կատարած իր այցելութեան եւ շրջանի կենսունակ համայնքին հետ իր ունեցած փորձառութեան:

«Այն ամէնը, ինչ որ հիմա կը կատարուի Արցախի մէջ, երբ Արցախի մէջ ժողովուրդը բառացիօրէն կը պայքարի իր գոյութեան եւ իր պապենական հողին վրայ ազատ ապրելու համար, ասիկա ամէնէն քիչն է, որ մենք կրնանք ընել: Յոյսով եմ, որ այսօր մեր կառուցած քոյր քաղաքային յարաբերութիւնները մեզի կ՛արտօնեն դասեր քաղել նաեւ անոնց տոկունութենէն», նիստի ընթացքին նշած է քաղաքային խորհուրդի անդամ Էլեն Ասատրեան:

Մարտունին կը գտնուի Ազրպէյճանի հետ շփման գիծին մօտ, եւ պատերազմի ժամանակ եղած է ազրպէյճանական զինեալ ուժերու  ամէնէն դաժանօրէն թիրախաւորուող քաղաքային բնակավայրերէն մէկը: Ռմբակոծումին պատճառով վնասուած է աւելի քան 1000 շէնք, ներառեալ դպրոցներ, տուներ եւ բժշկական հաստատութիւններ, ինչ որ  ողբերգականօրէն յանգեցուցած է պատերազմի առաջին օրը երեխաներու եւ տարեց քաղաքացիներու մահուան: Պատերազմի ամէնէն թէժ ժամանակաշրջանին քաղաքէն տեղահանուած են աւելի քան 8000 խաղաղ բնակիչներ:

Նախորդը

Պրիւքսելի Մէջ 31 Օգոստոսին` Փաշինեան-Ալիեւ-Միշել Հանդիպում

Յաջորդը

Ֆիլիփ Ռիքըր` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի Նոր Համանախագահ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.