Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Նախագահեց Կրթութեան Մարզին Յատուկ Նիստի Մը

August 24, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապին` ընկերակցութեամբ երկրորդական կարգերու, տարրական եւ արհեստից վարժարաններու ուսուցիչներու լիկաներու նախագահներուն եւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնին:

Հալապի յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած են դպրոցներուն եւ ուսուցիչներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները:

«Վարչապետ Միքաթի յանձնառութիւն ցուցաբերեց կրթական նոր տարեշրջանը սկսելու մասին: Անոր ներկայացուեցան նախարարութեան ծրագիրներն ու պատկերացումները 2022-2023 կրթական տարեշրջանին մասին, ինչպէս նաեւ անոր յանձնեցինք պահանջներու ցանկ մը, որ պիտի սերտուի, ապա ճշդուի այլ հանդիպում մը», ըսաւ Հալապի:

Հալապի յայտնեց, որ անցեալ տարեշրջանին նախարարութիւնը Լիբանանի նուիրատու երկիրներէն ստացաւ յատկացումներ, որոնց հիմամբ կարելի եղաւ ուսուցիչներէն իւրաքանչիւրին ամսական դրութեամբ 90 տոլար տրամադրել` ամսական աշխատավարձին կողքին: «Ամէն ջանք ի գործ կը դնենք այդ կարելիութիւնը պահելու եւ ինչու չէ այդ գումարը աւելցնելու նպատակով», ըսաւ Հալապի:

Անդրադառնալով կարգ մը դպրոցներու կողմէ ծնողներէն տոլար պահանջելու երեւոյթին` Հալապի նշեց, որ այն դպրոցները, որոնք այս քայլին կը դիմեն` թիւ 515 օրէնքը կը խախտեն: Ան աւելցուց, որ այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին այս մասին պիտի գումարուի ժողով մը, որուն ընթացքին յստակ որոշումներ պիտի տրուին, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկուին այն պատժամիջոցները, որոնց պիտի դիմուի նման խախտում գործած դպրոցներուն դէմ:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի:

Հանդիպումին ընթացքին Ասմար յայտնեց, որ համադաշնակցութիւնը կտրականապէս կը մերժէ մաքսատնային տոլարի փոխարժէքի փոփոխութիւնը` նկատի ունենալով սահմանափակ եկամուտով ընտանիքներուն վրայ անոր ունենալիք հետեւանքները:

 

 

Նախորդը

«Ամերիկեան-Եւրոպական Վեթոն Կ՛արգիլէ Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձը» Շեշտեց Սահիլի

Յաջորդը

Պու Հապիպ. «Ծովային Սահմանագծումի Բանակցութիւնները Ընթացքի Մէջ Են, Մինչեւ Որ Լիբանան Հոքշթայնէն Իմանայ Իսրայէլի Կեցուածքը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.