Այս տարի Ղազախստանի եւ Ուզպեքիստանի մէջ տեղի ունեցած արտառոց իրադարձութիւնները այնտեղ «գունաւոր յեղափոխութիւններ» կազմակերպելու Արեւմուտքի փորձերու հետեւանք էին: «Թերթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ:
«Գունաւոր յեղափոխութիւնները կը շարունակեն մնալ այսպէս կոչուած ամերիկեան ոճի ժողովրդավարութեան խթանման հիմնական միջոցները: Արեւմտեան երկիրներու կողմէ մեր երկիրներուն մէջ զանոնք հրահրելու փորձերը կը նկատուին պարբերաբար:
«Այդպէս կը գնահատենք, օրինակ, իրադարձութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են 2020 թուականին Պիելոռուսիոյ մէջ, յունուարին` Ղազախստանին մէջ, իսկ յուլիսին` Ուզպեքիստանի մէջ` Ղարաքալփաքիստանի մէջ», Թաշքենտի մէջ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան երկիրներու Անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու 17-րդ տարեկան հանդիպումի ընթացքին ըսած է Փաթրուշեւ:


