Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Պրիւքսելի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ: Այս մասին «Թուիթըր»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ գրեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար:
«Պրիւքսելի մէջ լաւ եւ առարկայական քննարկումներ ունեցանք Հիքմեթ Հաճիեւի եւ Արմէն Գրիգորեանի հետ` հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու եւ այդ հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան մասնակցութեան շուրջ», գրեց ան:


