Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Կառավարութիւնը Ապպասի «50 Ողջակիզում» Յայտարարութեան Պատճառով Կանչած Է Պաղեստինի Ներկայացուցիչը

August 18, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ վարչապետի գրասենեակը Պաղեստինի ներկայացուցիչը կանչած է` երեքշաբթի օր Պերլինի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի` Ողջակիզումի մասին կատարած յայտարարութիւններուն պատճառով: Այս մասին չորեքշաբթի Պերլինի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Գերմանիոյ նախարարաց խորհուրդի բանբեր Շթեֆեն Հեպեշթրէյթը:

«Դաշնակցային վարչապետը վրդոված եւ ապշած է Ապպասի խօսքերէն, սակայն Ողջակիզումի յարաբերականացումը անոր աւելի քան 6 միլիոն  զոհերով ամբողջովին անընդունելի է: Դաշնակցային վարչապետի գրասենեակը այսօր առաւօտեան կանչած է Պերլինի մէջ պաղեստինեան առաքելութեան ղեկավարը», կ՛ըսէ Հեպեշթրէյթ:

«Վարչապետը կ՛ակնկալէ, որ Պաղեստինեան իշխանութեան ղեկավարը առանց վերապահումներու ճանչնայ Ողջակիզումի միակը ըլլալու բնոյթը», ըսած է Գերմանիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչը:

Բացի ատկէ, Գերմանիոյ նախարարաց խորհուրդի բանբերին համաձայն, Ապպասի յայտարարութիւնները ստուեր կը ձգէ Գերմանիոյ եւ Պաղեստինի յարաբերութիւններուն վրայ:

Ապպաս երեքշաբթի Պերլինի մէջ բանակցութիւններ վարած էր Շոլցի հետ: Ըստ իսրայէլեան «Քան» պետական ձայնասփիւռի կայանին, Ապպաս ըսած է, որ 20-րդ դարու կէսերէն ի վեր Իսրայէլ «50 ջարդ կատարած է պաղեստինեան 50 գիւղերու մէջ, 50 ողջակիզում»:

Պաղեստինի նախագահը Գերմանիոյ վարչապետին փոխանցած է պաղեստինեան տարածքներ այցելելու հրաւէր եւ Գերմանիոյ շնորհակալութիւն յայտնած` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերու հիմամբ պաղեստինեան հարցի արդարացի լուծման աջակցելուն համար:

 

 

Նախորդը

Պաքուն Մտահոգ Է Լոնտոնի Մէջ Իր Դեսպանատան Անվտանգութեամբ

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Եւ Իրանի Զինուորները Փոխադարձ Այցելութիւններ Կու Տան

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.