Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 18, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1272 վարակուածներ եւ մահացած է 4 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 32.600 լ. ոսկիի:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ նաւահանգիստին մէջ գտնուող ցորենի շտեմարանի սիւներուն ներքեւ  նախանցեալ գիշեր դարձեալ հրդեհ մը բռնկեցաւ` պատճառ դառնալով, որ շտեմարանին մնացեալ հիմնասիւները աւելի եւս «խոնարհին», եւ անոնց փուլ գալու վտանգը աւելի եւս բարձրանայ եւ ինքզինք պարտադրէ` հրդեհին բոցերը չկարենալ հանգեցնելու պարագային:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը հրդեհը հակակշռեցին` հակառակ տաք հովերուն եւ բարձր ջերմաստիճանին:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ մաքսատնային տոլարի փոխարժէքը ճշդելու որոշումը կառավարութեան կողմէ քուէարկութեան չի կարօտիր` աւելցնելով, որ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ ժողովին ընթացքին յայտնած է, թէ նախարարները արտակարգ լիազօրութիւն ունին մաքսատնային տոլարի փոխարժէքը ճշդելու, եւ այդ մէկը պիտի կատարուի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի ընդունեց Լիբանանի մէջ Շուէտի դեսպան Անն Տիսմորը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ յատկապէս տեղեկատուութեան մարզին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ նոյն մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին` պետական մարզի պաշտօնեաներուն արդիւնաւէտ աշխատանքի համար յաւելեալ աշխատավարձ տրամադրելու առիթով: Ան պահանջեց, որ կառավարութիւնը Աշխատաւորներու լիկային եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան հետ երկխօսութիւն կատարէ` պետական մարզին յաւելեալ իրաւունքներ շնորհելու նպատակով:

 

Նախորդը

Արժանթինի Դեսպանը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Ալի. «Լիբանանեան Պետութիւնը Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Իմաստով Մէկ Քայլ Առջեւ Գացած Է, Եւ Կը Մաղթենք, Որ Ան Շարունակէ Մեզի Հետ Գործակցիլ»

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.