Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Ֆարիտ Մքերի երէկ մահացաւ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Ֆարիտ Մքերի ծնած է Անֆէ-Քուրա, 1947-ին: Ուսումը ստացած է Միացեալ Նահանգներու Թեքսըս համալսարանին մէջ եւ աւարտած է իբրեւ ճարտարապետ:
Ապա ան մաս կազմած է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի հիմնած «Սէուտի Օժէ» հաստատութեան:
Մքերի քաղաքական ասպարէզ մուտք գործեց 1992-ին, երբ ան առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ ընտրուեցաւ Քուրայի երեսփոխան:
Ապա ան վերընտրուեցաւ 1996, 2000 եւ 2005 թուականներուն: 2005-ին ան ընտրուեցաւ նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի գուժեց Մքերիի մահը` շեշտելով, որ անոր կորուստով խորհրդարանը եւ քաղաքական ու օրէնսդրական կեանքը կը կորսնցնեն սիրելի գործընկեր մը, որ նուիրումով գործեց ի խնդիր Լիբանանի շահերուն:
Պըրրի իր եւ խորհրդարանի անդամներուն անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Մքերիի ընտանիքին` անոնց մաղթելով մխիթարութիւն:
Իր կարգին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի խոր վիշտով գուժեց Մուսթաքպալ պլոքի նախկին անդամներէն եւ Ռաֆիք Հարիրիի գործընկեր Ֆարիտ Մքերիի մահը:
Ան հաստատեց, որ Մքերիի մահը համազօր է Ռաֆիք Հարիրիի ծառէն մեծ ճիւղի մը իյնալուն: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց Մքերիի ընտանիքին:


