Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ յետմիջօրէին երկրին դատական մարմիններուն ուղղեց խօսք մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց դատաւորներուն ընդվզումի ալիք բարձրացնելու իրենց արժանապատուութեան եւ իշխանութեան համար:
Ան կոչ ուղղեց դատական մարմիններուն չվախնալու միջոցներ ունեցող մարդոց անիրաւութենէն: «Դուք քաջ գիտէք, թէ անոնք դիւրաբեկ են ձեր դիմաց, երբ դուք երկրի վրայ արդարութեան պատգամը կը գործադրէք», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց դատաւորներուն իրենք զիրենք ազատ արձակելու կապանքներէ եւ կաշկանդումներէ, յատկապէս` Կեդրոնական դրամատան եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին վերաբերեալ:
Նախագահ Աուն դատաւորներէն պահանջեց իրենք զիրենք ազատելու կաշկանդումէ եւ արդարութեան գործադրութենէն խուսափելէ, որովհետեւ անոնք դատական իշխանութեան վայել աքթեր չեն:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ 9 յունիսէն ի վեր դատաւորները իրարու միջեւ կը փոխանակեն Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը ելեւմտական վտանգաւոր ոճիրներով ամբաստանելու պատասխանատուութիւնը:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ ընդունեց Մարոնի միաբանութեան նոր նշանակուած աբբահայր Հատի Մահֆուզը, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած ազգային, հոգեւոր, կրթական, մարդասիրական եւ ընկերային հարցերը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց քաղաքական շարք մը հարցեր, ինչպէս` կառավարութեան կազմութիւնը, տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապը, ծովային սահմանագծումը եւ շարք մը այլ հարցեր:
Նախագահ Աունին այցելեց նաեւ նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատի. քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս տնտեսական տագնապալի կացութիւնն ու երկիրը այդ տագնապէն դուրս բերելու հեռանկարները:


