Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարաֆէտտին Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Կ՛ուղղուի Սուրիա

August 17, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին երկուշաբթի, 15 օգոստոս 2022-ին պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Սուրիա, ուր հանդիպումներ ունեցաւ տեղական վարչական հարցերու եւ կենսոլորտի նախարար Հիւսէյն Մախլուֆի, որ նաեւ ստանձնած է սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարի լուծման պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ռահմունի հետ:

Շարաֆէտտին Մախլուֆի հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով եւ արժանապատիւ տունդարձի ծրագիրը, ինչպէս նաեւ սուրիական կողմին որդեգրած այն դասաւորումները, որոնք տեղահանուածներուն համար ապահով եւ արագ տունդարձ պիտի կարենան երաշխաւորել` հիմնուելով լիբանանեան եւ սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ ճշդուած ժամանակացոյցին վրայ:

Այս շրջագիծին մէջ Մախլուֆ շեշտեց, որ այս հարցին լուծման առումով լիբանանեան-սուրիական երկկողմանի համախոհութիւն կայ:

Ան նշեց, որ սուրիական իշխանութիւնները համաձայն են բոլոր տեղահանուածներու տունդարձին. ոչ միայն ամսական 15 հազար տեղահանուած, այլ` բոլորը:

Մախլուֆ ընդգծեց, որ Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահութեան կողմէ հրապարակուած ներման հրամանագիրը կ՛ընդգրկէ բոլոր սուրիացի տեղահանուածները, կը դիւրացնէ սահմանային գործառնութիւնները, Սուրիոյ մէջ ապահովելով տեղահանուածներուն ծառայութիւնները, մարդասիրական օժանդակութիւնները, բժշկութիւնը, ուսման կարելիութիւնն ու ապահով եւ հանգիստ կեցութիւնը:

Ան հաստատեց, որ սուրիական իշխանութիւններուն համար առաջնահերթութիւն է պայմաններ ստեղծել` սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու, ինչպէս նաեւ սուրիական բանակին ազատագրած շրջաններուն ենթակառոյցը վերանորոգելու:

Մախլուֆ նկատել տուաւ, որ այս իրողութեան հիման վրայ արդէն իսկ 5 միլիոն սուրիացի տեղահանուածներ վերադարձած են Սուրիա եւ կայուն վիճակի մէջ կ՛ապրին: «Լիբանանի եւ որեւէ այլ երկրի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածները հրաւիրուած են տունդարձ կատարելու», ըսաւ ան:

Մախլուֆ ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններէն պահանջեց մասնակցիլ սուրիացի տեղահանուածներու վերադարձին, յատկապէս նկատի ունենալով, որ սուրիական եւ լիբանանեան կողմերը իրարու հետ գործակցելու իմաստով բաց են, ինչպէս նաեւ պատրաստ` դիւրացնելու տունդարձի հոլովոյթը:

Շարաֆէտտին դրուատեց սուրիական կողմին հետ գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնն ու համախոհութիւնը` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով:

Ան նկատել տուաւ, որ սուրիական իշխանութիւնները պատրաստ են ընդունելու իրենց բոլոր քաղաքացիները եւ անոնց տրամադրելու բոլոր դիւրութիւններն ու իրաւունքները:

Շարաֆէտտին ընդգծեց, որ Սուրիոյ կայունութիւնը կը նպաստէ, որ տեղահանուածները ապահով շրջաններ վերադառնան` աւելցնելով, որ յառաջիկայ փուլը պիտի վկայէ յաւելեալ այցելութիւններ եւ սուրիական կողմին հետ բազմաթիւ հանդիպումներ` գործադրելու համար տունդարձի ծրագիրը:

Շարաֆէտտին այցելեց նաեւ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ռահմունի, որ յայտնեց, թէ Սուրիա բոլոր դիւրութիւնները տրամադրած է իր քաղաքացիներուն, որպէսզի անոնք տունդարձ կատարեն:

Ռահմուն յայտնեց, որ անոնք նոյնիսկ կրնան իրենց ժամկէտանց անցագիրներով կամ սուրիական իրենց ինքնութիւնը ապացուցող որեւէ փաստաթուղթով մուտք գործել Սուրիա:

Ռահմուն նշեց, որ սուրիական սահմաններուն վրայ յաւելեալ գումարներ նոյնիսկ չեն պահանջուիր տեղահանուածներէն` աւելցնելով, որ Սուրիայէն դուրս ծնած երեխաները եւս իրենց ընտանիքներուն հետ մուտք կը գործեն երկիր:

Ռահմուն հաստատեց, որ իրենք ամէն տեսակի եւ ձեւի դիւրութիւններ պիտի տրամադրեն իրենց քաղաքացիներուն` ապահովելու համար անոնց տունդարձը:

 

 

Նախորդը

Քանաան. «Պետական Մարզի Պաշտօնէութեան Իրաւունքներուն Յանձնառու Կը Մնանք, Սակայն Կառավարութեան Ծրագիրը Լիբանանցիներուն Վրայ Կը Բարդէ Անոնց Իրաւունքներուն Ստացագիրը»

Յաջորդը

Ժահժահ. «Պահանջուած Է Ընտրել Հանրապետութեան Նախագահ Մը, Որ Կրնայ Փրկել Երկիրը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.