Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Անլուրջ Կը Նկատէ Կալանաւորներու Փոխանակման Առաջարկին Մոսկուայի Պատասխանը

August 8, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ անլուրջ կը նկատեն Ռուսիոյ կառավարութեան պատասխանը կալանքի տակ գտնուող քաղաքացիներու փոխանակման ամերիկեան առաջարկներուն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քարին Ժան Փիեռ:

«Պատասխան առաջարկ կատարուած է. մենք զայն չենք նկատեր իբրեւ լուրջ պատասխան առաջարկ», ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի բանբերը` մերժելով խօսիլ բանակցութիւններու որոշակի մանրամասնութիւններուն մասին:

«Մենք բովանդակալից առաջարկ ներկայացուցած ենք», ըսած է ան` շարունակելով. «Եւ մենք կ՛ուզենք բարեխիղճ բանակցութիւններ վարել այս հարցին շուրջ: Մենք կ՛ուզենք ապահովել, որ ատոր հասնինք որքան կարելի է շուտ: Այն, ինչ որ մենք լսեցինք, ինչպէս ձեզի ըսին իմ գործընկերներս, անբարեխիղճ էր»:

Կալանաւորներու եւ դատապարտուածներու փոխանակման հարցը վերջերս տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Էնթընի Պլինքընն ու Սերկէյ Լաւրովը:

Ամերիկեան կողմը կ՛առաջարկէ Ռուսիոյ մէջ թմրեցուցիչի մաքսանենգութեան փորձի համար կալանաւորուած Պրիթնի Կրայնենը եւ լրտեսութեան համար դատապարտուած Փոլ Ուիլընը փոխանակել Միացեալ Նահանգներու մէջ զէնքի մաքսանենգութեան համար դատապարտուած Վիքթոր Պութի հետ:

Մոսկուան ալ Ուաշինկթընի առաջարկած է երկու երկիրներուն մէջ պահուող կալանաւորները փոխանակելու ցանկին վրայ ներառել նաեւ Վատիմ Քրասիքովը, որ սպանութեան մեղադրանքով բանտարկուած է Գերմանիոյ մէջ:

Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց. «Մենք լուրջ առաջարկ ներկայացուցած ենք եւ Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղենք զայն ընդունելու»:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Սոչի Ուղարկուած Թրքական Տրովադայի Ձին

Յաջորդը

Բրիտանիոյ Մէջ Առաջին Անգամ Վատիկանի Հետ Դատավարութիւն` Իբրեւ Մեղադրեալ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.