Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանիոյ Մէջ Առաջին Անգամ Վատիկանի Հետ Դատավարութիւն` Իբրեւ Մեղադրեալ

Օգոստոս 8, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ մէջ առաջին անգամ կրնայ դատավարութիւն տեղի ունենալ Վատիկանի հետ` իբրեւ մեղադրեալ: Այս մասին կը յայտնէ «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը` յղում կատարելով Անգլիոյ եւ Կալեսի վերաքննիչ դատարանին:

Օրաթերթին համաձայն, հաւանական հայցը հիմնուած է 2014 թուականին Լոնտոնի մէջ շուրջ 150 միլիոն տոլարով գոյք գնելու ընթացքին գործուած խախտումներու եւ չարաշահումներու պատմութեան վրայ: Խօսքը Վատիկանի կողմէ բրիտանական մայրաքաղաքի կեդրոնը գտնուող շէնքի դիտաւորեալ սուղ գինով ձեռքբերման աղմկայարոյց դէպքին մասին է` իբրեւ նուիրատուութիւններու միջոցով կատարուած ներդրում: Ֆինանսական արտահոսքը կը գնահատուի մինչեւ հարիւր միլիոն եւրօ:

Այս գծով դատավարութիւնը սկսած է անցեալ տարուան յուլիսին Վատիկանի մէջ, եւ 11 անձեր, ներառեալ բարձրաստիճան առաջնորդ, կարտինալ Անճելօ Պեքչին, կը մեղադրուին խարդախութեան, չարաշահումներու, կեղծ տեղեկութիւններ տրամադրելու, փտածութեան, դրամներու լուացման եւ գաղտնի փաստաթուղթերու հրապարակման համար:

Այդ անձերու շարքին, որոնց դէմ մեղադրանք առաջադրուած է, եղած է բրիտանացի ելեւմտագէտ Ռաֆայէլ Մինսիոնին: Ըստ Վատիկանի, ան խարդախութեամբ արհեստականօրէն ուռճացուցած է գոյքի գինը: Սակայն գործարարը բրիտանական դատարանին մէջ վիճարկած է այս պնդումները` շեշտելով, որ անօրինական ոչինչ ըրած է: Ան նաեւ պնդած է, որ գոյքի` Չելսիի մէջ գտնուող «Հարոտզ» հանրախանութի նախկին պահեստի գնահատումը, կատարուած է անկախ փորձագէտներու կողմէ եւ ճիշդ է:

«Տէյլի Թելեկրաֆ» կը յայտնէ, որ Մինսիոնին հաստատած է Անգլիոյ եւ Կալեսի վերաքննիչ դատարանը: Ան որոշած է, որ բրիտանական դատարանը իրաւունք ունի ուսումնասիրելու անշարժ գոյքի վաճառքին վերաբերեալ փաստաթուղթերը եւ յստակացնելու, թէ արդեօք գործարքի մասնակից բոլոր կողմերը` թէ՛ «Մինսիոնի» ընկերութիւնը, եւ թէ՛ Վատիկանը, բարեխղճօրէն գործա՞ծ են:

Այս պահուս յստակ չէ, թէ այս գործով Վատիկանի կողմէ ո՛վ վկայութիւն պիտի տայ կամ թէ ե՛րբ այս գործը կրնայ քննուիլ:

Յատկանշական է, որ Վատիկանի մէջ ներքին հետաքննութիւն սկսած է Վատիկանի դրամական կրօնական հարցերու հիմնարկի ազդանշանէն ետք, եւ լրատուամիջոցներու արտահոսքը յանգեցուցած է Վատիկանի կիսազինուորական ոստիկանութեան ղեկավար Տոմենիքօ Ճիանիի հրաժարականին: Ան հրաժարած է` պատասխանատուութիւն ստանձնելով իր ենթականերուն կողմէ լրագրողներուն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համար:

Ֆրանչիսկոս պապին կարծիքով` եկեղեցական գումարները բարեգործական նպատակներով բազմապատկելու նպատակով ներդրելը օրինական է: Ներկայիս պապը շարք մը բարեփոխումներ կատարած է Վատիկանի դատական համակարգին մէջ: Ասիկա նաեւ Վատիկանի պատմութեան մէջ ելեւմտական յանցագործութիւններու վերաբերեալ մեծագոյն դատավարութիւնն է:

Նախորդը

Ուաշինկթըն Անլուրջ Կը Նկատէ Կալանաւորներու Փոխանակման Առաջարկին Մոսկուայի Պատասխանը

Յաջորդը

Պայրամով Այսօր Երկօրեայ Այցելութեամբ Կը Հասնի Թուրքիա

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?