Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիմանի Մէջ. «Լիբանանեան Իշխանութեան Համար Ամօթալի Է Իսրայէլի Հետ Սահմանագծումի Ջանքեր Թափել, Սակայն Անոր Փոխարէն Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Ճիգեր Խնայել» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

August 8, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ իրենք ընդվզումով եւ ցաւով կը վկայեն տեղեկատուական արշաւներ` քաղաքական տարբեր ուժերու միջեւ, երբ երկիրը քաղաքական անդորրի խիստ կարիքը ունի:

Ան նշեց, որ այդ ցեխարձակումներն ու վիճաբանութիւնները իրենց վատ ազդեցութիւնը կ՛ունենան արդէն դժուար պայմաններու տոկացող քաղաքացիներուն հոգեկանին, երկրին տնտեսական ու ելեւմտական կայունութեան, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութեան կազմութեան եւ նախագահական ընտրութեան վրայ:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ լիբանանեան իշխանութեան համար ամօթալի է Իսրայէլի հետ սահմանագծումի ջանքեր թափել, սակայն անոր փոխարէն կառավարութեան կազմութեան առումով ճիգեր խնայել: «Արդեօք լիբանանեան իշխանութեան համար աւելի դիւրի՞ն է Իսրայէլի հետ համաձայնիլ, քան լիբանանցիներուն միջեւ կառավարութեան մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել», հարց տուաւ Ռայի պատրիարքը:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը` ընկերակցութեամբ անոր կնոջ` Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահի:

Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան հարցեր, յատկապէս Մուսա Հաժ եպիսկոպոսի թղթածրարին վերաբերող մանրամասնութիւններն ու նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ լիբանանեան օրէնքին, կարգին ու աւանդութեան համաձայն, եթէ հոգեւորական մը` ըլլայ ան քահանայ, վարդապետ, շէյխ թէ առաջնորդ, պիտի ձերբակալուի, ապա անոր հոգեւոր հեղինակութիւնը տեղեակ կը պահուի եւ խորհրդակցութիւն կը կատարուի, «սակայն այս հանգամանքը բնաւ նկատի չէր առնուած մարոնի համայնքի առաջնորդ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսի պարագային», ըսաւ ան:

Ժահժահ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ այս թղթածրարին մանրամասնութիւնները քննելէ ետք վստահ եղած է, որ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսին ձերբակալութիւնը կանխամտածուած է եւ անոր նպատակն է Պքերքէին ու Տիմանին քաղաքական պատգամ փոխանցել:

«Այս առիթով Տիմանէն կը պահանջեմ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատաւոր Ֆատի Աքիքին պաշտօնազրկել տալ` նկատի ունենալով անոր գործած խախտումներն ու օրինազանցութիւնները», յայտնեց Ժահժահ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Շարաֆէտտին. «Մեր Ծրագիրն Է Ամսական 15.000 Սուրիացի Տեղահանուածի Տունդարձը Իրականացնել»

RelatedPosts

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն
Լիբանանեան

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

October 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ  Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան  Պատուիրակութիւնը»
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

October 7, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.