Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Սփիթերին Պարգեւատրեց Մայրիներու «Մեծ Սպայ» Աստիճանի Շքանշանով

August 6, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ճիուզեփէ Սփիթերին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Սփիթերի հաստատեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը Լիբանանի եւ բոլոր լիբանանցիներուն հետ մօտ կը զգայ:

Ան ընդգծեց, որ Վատիկանն ու պապը պիտի շարունակեն օժանդակել եւ նեցուկ կանգնիլ Լիբանանին, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ վերջին տարիներուն «Քարիթաս»-ի եւ այլ կազմակերպութիւններու կողմէ լիբանանեան հիւանդանոցներուն եւ դպրոցներուն տրամադրուած նեցուկը կրկնապատկուած է:

Սփիթերի շնորհակալութիւն յայտնեց, որ իրեն առիթ ընծայուած էր Մայրիներու երկրին մէջ ծառայելու:

Իր կարգին, նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիթերիին` Լիբանանի մէջ իր ծառայութեան ընթացքին ի գործ դրած բոլոր ջանքերուն համար: Ան յաջողութիւն մաղթեց անոր` իր ստանձնած նոր պարտականութեան մէջ, խնդրելով, որ Լիբանանը միշտ յիշէ իր աղօթքներուն մէջ:

Հանդիպումը եղաւ առիթ մը` քննարկելու Լիբանանի եւ Վատիկանի միջեւ յարաբերութիւնները:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս պապին` Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած գուրգուրանքին համար: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի եւ պապին միջեւ մտերմութիւնը հաւատքի եւ դարերու ընթացքին սերտացած փոխադարձ արժէքներու վրայ հիմնուած է: «Լիբանան միշտ Վատիկանը իր կողքին գտած է, ուրախ թէ դժուար պահերուն, եւ լիբանանցիները միշտ երախտապարտ են պապին ու Վատիկանին», հաստատեց ան:

Այս առիթով նախագահ Աուն պապական նուիրակը պարգեւատրեց Մայրիներու «Մեծ սպայ» աստիճանի շքանշանով:

Նշենք, որ նախագահ Աունի այցելեց նաեւ յոյն ուղղափառ համայնքի Զահլէի եւ Պաալպեքի առաջնորդ Անթոնիոս Սուրի եպիսկոպոսը. քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Զահլէի կարիքները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Քանատայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆատի Զիատէ, որուն հետ հանրապետութեան նախագահը քննարկեց լիբանանեան-քանատական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Քանատայի լիբանանեան համայնքին վերաբերող հարցեր:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Բ. Տարելիցի Նշում` Ցորենի Շտեմարանի Սիւներուն Փուլ Գալուն Զուգահեռ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.