Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարուած Է Մասնակի Զօրահաւաք. Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Կը Հաղորդէ 2 Զոհի Եւ 14 Վիրաւորի Մասին

August 4, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանական կողմը կիրարկած է ականանետեր, նռնականետեր եւ հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր, որոնց պատճառով մահացու վիրաւորում ստացած են պաշտպանութեան բանակի պայմանագրային զինուորներ Գուրգէն Գաբրիէլեանը եւ Արթուր Խաչատրեանը: Եւս 14 զինուոր տարբեր աստիճանի վիրաւորումներ ստացած են, կը յայտնէ Արցախի պաշտպանութեան բանակը:

Ըստ հաղորդագրութեան, երէկ ժամը 18:00-ի դրութեամբ գործնական մարտավարական իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայուն էր:

Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող Ռուսիոյ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ միջոցներ կը ձեռնարկուին  իրադրութիւնը կայունացնելու ուղղութեամբ, կը յայտնէ Արցախի պաշտպանութեան բանակը:

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինուորներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրամանագիրով` 3 օգոստոս 2022-էն սկսեալ յայտարարուած է մասնակի զօրահաւաք:

Իրավիճակը 1 օգոստոսէն լարուած է: Ըստ պաշտօնական Ստեփանակերտի, ազրպէյճանական ստորաբաժանումները հիւսիսային ու հիւսիսարեւմտեան սահմանագօտիին մէջ շարք մը հատուածներու մէջ փորձած էին հատել շփման գիծը:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Ազրպէյճանի կողմէ վերջին օրերուն Արցախի նկատմամբ յարձակողապաշտ գործողութիւններու նոր ալիքը եւ ատիկա որակեց իբրեւ հայատեացութեան դրսեւորում, շրջանին մէջ  խաղաղութեան ու կայունութեան խախտման, ինչպէս նաեւ խաղաղապահ առաքելութեան վարկաբեկման հերթական բիրտ փորձ:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղած է միջազգային հանրութեան հասցէական որակաւորում տալու Ազրպէյճանի գործողութիւններուն եւ կիրարկելու համապատասխան քայլեր` սանձելու պաշտօնական Պաքուի ապակառուցողական քաղաքականութիւնը:

«Արցախահայութիւնը հաստատակամ է եւ վճռական` իր հողին վրայ ազատ ու ինքնիշխան ապրելու եւ բոլոր դժուարութիւնները արժանապատիւ կերպով յաղթահարելու մէջ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած էր, որ Հայաստանը անգամ մը եւս վերահաստատելով իր հաւատարմութիւնը շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու օրակարգին, միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ուղղէ միջոցներ ձեռնարկելու Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ կեցուածքը եւ գործողութիւնները կասեցնելու եւ անոր համար անհրաժեշտ միջազգային մեքանիզմներ գործարկելու ուղղութեամբ:

Այլ գետնի վրայ, Արցախէն «Երկիր» կայքին յայտնած են, որ ազրպէյճանական զինեալ ուժերը ականանետային կրակով եւ անօդաչու թռչող սարքերով հարուածած են Շուշիի շրջանի Լիսագոր գիւղի դիրքերը` նպատակ ունենալով յառաջանալ եւ կտրել Ստեփանակերտ-Բերձոր մայրուղին: Ազրպէյճանցիները մօտեցած են նաեւ Եղցահող գիւղին եւ կը գտնուին գիւղէն 500-600 մեթր հեռաւորութեան վրայ: Փորձ կատարուած է նաեւ տարհանելու Բերձոր քաղաքը, ապասարքելու նաեւ Բերձորի հրապարակի յուշարձանը:

Միւս կողմէ, լրագրող Նայիրի Յոխիկեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, թէ Ազրպէյճանը այս պահու դրութեամբ (3 օգոստոս 2022 «Ա.») ունի 1 հաստատուած սպաննուած եւ 9 վիրաւոր:

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Եւ Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Դադրեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները

Յաջորդը

Յ. Բագրատունիի Գրառումը` Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Բ. Տարելիցին Առիթով

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.