Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 3, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2245 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 30.350 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերին եւ երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէն, որ ըսաւ հետեւեալը. «Եթէ 9-րդ նաւթահորին մէջ պեղումներուն սկսինք, ապա հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութեան ժամանակաշրջանը շատ աւելի լաւ աւարտ կ՛ունենայ, քան` անոր սկիզբը»:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի ստորագրեց 26 յուլիս 2022-ի խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին ընթացքին վաւերացուած օրէնքները:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին յայտնեց, որ նշմարած են, թէ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գտնուող ցորենի շտեմարանին հիւսիսային կողմը կը թեքի: Ան շեշտեց, որ կառավարութեան մօտ աղէտի խորհուրդին, ապահովական կառոյցներուն եւ պատկան վարչութիւններուն հետ մնայուն գործակցութիւն կայ այս իմաստով, որպէսզի նաւահանգիստին մէջ գտնուողները չտուժեն: Եասին շեշտեց, որ շտեմարանին այլ սիւներուն փուլ գալու պարագային պէտք է դիմակապեր օգտագործել: Ան նշեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան հետ գործակցութիւն կայ` նաւահանգիստի շրջակայքի բնակչութեան ելեկտրական հոսանք տրամադրելու առումով:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի սակը 11.000 լ. ոսկիով նուազեցաւ: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 581.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 593.000 լ. ոսկի, մազութը` 649.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 314.000 լ. ոսկի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Միշել Սմահա ազատ արձակուեցաւ. անոր պաշտպան փաստաբան Սախըր Հաշեմ հաստատեց, որ Սմահա իր բնակարանին մէջ է եւ առողջական լաւ վիճակով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ հաստատեց, որ ամերիկացիին դերակատարութեան նկատմամբ վստահութիւն չկայ` աւելցնելով, որ Լիբանան իր իրաւունքին իր ձեռքով պիտի տիրանայ:

 

 

Նախորդը

Դաշնակցականութիւնը Ապրելակերպ Է, Մտածողութիւն

Յաջորդը

Նաւթի Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը Պէտք Եղած Դասաւորումները Որդեգրած Է, Եթէ Կառավարութիւնը Որոշէ Իրանեան Նաւթ Ներածել

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ  Տնտեսական Եւ Առեւտրական  Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»

January 10, 2026
Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ

January 10, 2026
Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման  Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը
Լիբանանեան

Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.