Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. «Շատ Լաւատես Եմ, Որ Յառաջիկայ Շաբաթներուն Ընթացքին Կրնանք Համաձայնութեան Մը Յանգիլ` Ծովային Սահմանագծումին Իմաստով» Շեշտեց Էյմըս Հոքշթայն

August 2, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 77-ամեակի պաշտօնական տօնակատարութենէն ետք, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ուղղուեցան նախագահական պալատ, ուր անոնք ունեցան դռնփակ հանդիպում մը:

Քիչ անց հանդիպումին միացաւ Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի:

Ներկայ գտնուեցան նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ:

Հանդիպումին ընթացքին Հոքշթայն ներկայացուց իսրայէլացի պատասխանատուներուն հետ ունեցած իր խորհրդակցութիւնները եւ այդ իմաստով լսեց լիբանանեան միացեալ կեցուածքը:

Հանդիպումէն ետք Հոքշթայն շեշտեց, որ Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն հետ իր ունեցած խորհրդակցութիւնները շատ կարեւոր են, եւ ընդգծեց, որ ինք լաւատես է` ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած զարգացումներուն առումով:

Ան յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային վերադառնայ շրջան` վերջնական արդիւնքի յանգելու համար:

«Շնորհակալ եմ, որ նախագահ Աուն զիս հրաւիրեց իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ այս հանդիպումին: Շատ լաւատես եմ, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին կրնանք համաձայնութեան մը յանգիլ` ծովային սահմանագծումին իմաստով», հաստատեց ան:

Նշենք, որ «Ժազիրա»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին լիբանանեան պաշտօնական աղբիւր մը յայտնեց, թէ Հոքշթայն Լիբանանին ներկայացուցած է իսրայէլեան առաջարկ մը, որուն մէջ Կանայի նաւթահորը ամբողջութեամբ Լիբանանին կը տրուի, պայմանով որ թիւ 23 սահմանագիծի հիւսիսային շրջանէն բաժին մը յանձնուի Իսրայէլին:

Մեկնումի պահուն Պըրրի բարին մաղթեց:

Վարչապետ Միքաթի նշեց, որ հանդիպումը եղած է դրական, իսկ Պու Սաապ շեշտեց, որ բանակցութիւնները դրական կերպով կ՛ընթանան` նախատեսելով, որ Հոքշթայնի Լիբանան վերադարձը մօտալուտ ըլլայ: Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին կարելի ըլլայ սահմանագծումի իմաստով արդիւնքներ արձանագրել:

Նախագահական պալատէն մեկնելէ ետք Հոքշթայն այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի:

Հանդիպումէն ետք ամերիկացի միջնորդը մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Իր կարգին, Պու Հապիպ ընդգծեց լիբանանեան միացեալ կեցուածքին կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ բանակցութիւններուն մէջ հսկայական զարգացումներ արձանագրուած են: «Բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են եւ տակաւին չեն աւարտած, իսկ մենք կը սպասենք իսրայէլեան հակազդեցութեան», շեշտեց Պու Հապիպ:

Նախորդը

Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան 77-Ամեակ. «Վստահ Եղէք, Որ Հանրապետութեան Նոր Նախագահի Ընտրութեան Յարմար Պայմանները Պիտի Ստեղծեմ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Յ. Բագրատունիի Գրառումը` Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան Տօնին Առիթով

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.