Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարը Մէկ Շաբաթ Քորէայի Մէջ

July 28, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Քորէա ֆաունտէյշըն» պետական գլխաւոր հիմնարկի պաշտօնական հրաւէրով  2 յուլիս 2022-ին Քորէա մեկնեցաւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը:

Աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած էին նաեւ եօթը այլ հրաւիրեալներ, որոնք միասնաբար երկուշաբթի, 4 յուլիս 2022-ին արժանացան տպաւորիչ ընդունելութեան: Հիմնարկի ընդհանուր նախագահ տոքթ. Կուան Լիի մէկ առ մէկ ողջունեց ներկաները, որմէ ետք ինքնածանօթացման բնոյթով իւրաքանչիւր անհատ կատարեց նաեւ տուեալ երկրի կամ հաստատութեան արժեւորումն ու դժուարութիւնները:

Իր խօսքին մէջ քաղաքապետ Խօշեան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Այնճարի գիւղատնտեսական ու զբօսաշրջային կարելիութիւններու զարգացման գործընթացին եւ յամեցող տագնապները յաղթահարելու միջոցառումներու մասին` միշտ վեր առնելով դէպի առաջ նայելու եւ բնաւ չընկրկելու հայ ժողովուրդի յատուկ անխախտ կամքի վճռակամութիւնը:

Երեքշաբթի, 5 յուլիս 2022-ին պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Քորէայի Կեդրոնական դրամատան պատասխանատուներուն հետ` մօտէն ծանօթանալով անոնց աշխատանքային գործելակերպին եւ կիրարկուող  արհեստագիտութեան:

Չորեքշաբթի, 6 յուլիս 2022-ը եղաւ չափազանց յատկանշական օր մը, երբ քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան առանձին հրաւիրուեցաւ Քորէայի պետական խորհրդարանի շէնք եւ մեծ շուքով դիմաւորուեցաւ անձնակազմին կողմէ, որուն ներկայացուցիչը  ամփոփ ձեւով ներկայացուց այն պատմական փուլերը, ուրկէ անցած են երկիրն ու շէնքը, ճափոնական տիրապետութեան ընթացքին:

Ապա խօսք առնելով` քաղաքապետը բարձօրէն գնահատեց երկրի արագընթաց զարգացման հոլովոյթն ու անոր բնակչութեան աշխատունակ ու կարգապահ ապրելակերպի համակարգը:

Իր խօսքի աւարտին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ընդհանրապէս ձեւաւորուած յարգալիր ընդունելութեանց համար:

Ապա, դարձեալ առանձին պաշտօնական արարողութեամբ` ընդունուեցաւ Անեանկ քաղաքի պետական այն համալիրին մէջ, որ ամբողջ քաղաքը տեսախցիկներով առած է հսկողութեան տակ` շատ բծախնդրօրէն ու բարձր արհեստագիտութեամբ:

7 յուլիս 2022-ին խումբը այցելեց Կէոնկպոքկունկ պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցող պալատ, ապա` Անյայտ զինուորի յուշարձան ու Պատերազմի թանգարան:

Իսկ ուրբաթ, 8 յուլիս 2022-ին մեծ հետաքրքրութեամբ պատուիրակութիւնը այցելեց «Հիունտայ մոթոր սթիւտիօ»-ի բոլոր  ենթաբաժանումները եւ ստացաւ համապատասխան ու տպաւորիչ բացատրութիւններ:

Շաբաթ, 9 յուլիս 2022-ին հրաժեշտի պահն էր, արծարծուած հարցերու ընդհանուր արժեւորումը կատարուեցաւ, ու շեշտը դրուեցաւ գործնապէս Այնճարին ստանալիք օժանդակութեանց կարելիութիւններուն վրայ:

 

 

Նախորդը

Սեն Ժոզեֆ Համալսարանին Մէջ Ձեռնարկ` Առ Ի Գնահատանք Լիբանանահայ Բժշկական Միութեան

Յաջորդը

Լիբանանահայութիւնը Յարգեց Լիզպոնի Հերոսներուն Յիշատակը Եւ Ոգեկոչեց Անոնց Նուիրաբերումով Արձանագրուած Գործողութեան 39-Ամեակը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ

November 5, 2026
Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.