Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Իպրահիմ. «Իրաքի Իշխանութիւնները Խոստացան Նաւթի Քանակը 2 Միլիոն Թոնի Բարձրացնել»

July 25, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եամմունէի մէջ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը մեծարելու հանդիսութեան մը ընթացքին ան յայտնեց, որ Իրաք կատարած իր այցելութիւնը կը միտէր Իրաքի պետութենէն խնդրել, որ շարունակէ Լիբանանին նաւթ տրամադրել:

Իպրահիմ նշեց, որ նախորդ այցելութեան ընթացքին Իրաքի պետութեան հետ համաձայնութիւն գոյացած էր մէկ միլիոն թոն նաւթ տրամադրել Լիբանանին` աւելցնելով, որ խոստացուած քանակը տրամադրուեցաւ, եւ անոր վերջին բաժինը Լիբանանին պիտի տրամադրուի սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին:

Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ պէտք էր այցելել Իրաք եւ հանդիպիլ իրաքցի պաշտօնատարներու հետ, որպէսզի Իրաքի հետ ստորագրուած համաձայնագիրը վերանորոգուի: «Իրաքի պետութիւնը ընդառաջեց Լիբանանի պահանջին եւ համաձայնագիրը վերանորոգեց` խոստանալով Լիբանանին տրամադրելիք իր նաւթին քանակը բարձրացնել 2 միլիոն թոնի», ըսաւ ան:

Իրաքէն ալիւր խնդրելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ ի յայտ եկած է, որ Իրաք ալիւրի պահեստ չունի, հետեւաբար Լիբանանին ցորեն պիտի տրամադրէ:

Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական իրավիճակը կայուն է, սակայն կրնան որոշ խախտումներ պատահիլ, ինչպէս որ կը պատահին ամբողջ աշխարհին մէջ:

Անդրադառնալով անցագիրներու հարցին` Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ անցագիրներուն հարցը շուրջ մէկ տարուան հարց է` աւելցնելով, որ հոկտեմբեր ամիսէն սկսեալ այդ հարցը աստիճանաբար պիտի լուծուի:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Տիմանի Մէջ. «Պատահածը Հաժ Եպիսկոպոսին Վարկաբեկումը Չէ, Այլ` Մարոնի Պատրիարքութեան Եւ Անձամբ` Իմ» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.