Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փիեռ Տիւքան. «Միջազգային Ընտանիքը Համաձայնած Է Լիբանանի Փլուզումը Չարտօնել»

July 25, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ եւ Լիբանանի համար կատարուած միջազգային օժանդակութիւններու պատասխանատու Փիեռ Տիւքան հանդիպում մը ունեցաւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Տիւքան դրուատեց լիբանանեան պետութեան կողմէ ելեւմտական եւ տնտեսական մարզերուն մէջ սրբագրումներ կատարելու ջանքերը` հիմնուելով Միջազգային դրամական ֆոնտին կողմէ Լիբանանի տրամադրուելիք օժանդակութեան վրայ:

Տիւքան նկատել տուաւ, որ ինք լաւատես է Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը վերաշխուժացնելու առումով, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ

միջազգային ընտանիքը` նախ եւ առաջ Ֆրանսան, համաձայնած է Լիբանանի փլուզումը չարտօնել, այլ` օժանդակել Լիբանանին շրջանցելու իր դիմագրաւած տնտեսական-ելեւմտական սուր տագնապը:

Խալիլ իր կարգին ներկայացուց այն ճիգերը, որոնք ի գործ կը դրուին սրբագրելու եւ բարեկարգելու տնտեսական ու ելեւմտական մարզերը:

Ան յոյս յայտնեց, որ 2022-ի պետական ամավարկը մօտիկ ապագային վաւերացուի: Ան շեշտեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը սկսած է 2023-ի պետական ամավարկի պատրաստութեան` մաղթելով, որ այդ ամավարկը ըլլայ դէպի բարեկարգումներու գործադրութիւն առաջնորդող մուտք մը:

Միւս կողմէ, անցեալ շաբաթավերջին Եուսեֆ Խալիլ Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանին յանձնեց 2021-ի աւարտին ելեւմուտքի նախարարութեան պարզած իրավիճակին մասին յստակացումներ:

Նոյն փաստաթուղթին մէջ Խալիլ ներկայացուց նաեւ 2022-ի պետական ամավարկին վերաբերող մանրամասնութիւններ, որոնց շարքին ամերիկեան տոլարի փոխարժէքի այն սակը, որ որդեգրուած է նախարարութեան կողմէ:

 

 

Նախորդը

Տիմանի Մէջ. «Պատահածը Հաժ Եպիսկոպոսին Վարկաբեկումը Չէ, Այլ` Մարոնի Պատրիարքութեան Եւ Անձամբ` Իմ» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Յաջորդը

Հոքշթայն Մօտիկ Ապագային Կը Վերադառնայ Լիբանան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.