Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ակամայ Մատնանշում

July 23, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Աւելի քան 6 ամիս անցաւ այն հռչակագրէն, որով Արամ Ա. կաթողիկոս խորքային վերլուծումներ կատարելէ,  սփիւռքի սուր մարտահրաւէրներուն անդրադառնալէ եւ  անոնց դիմագրաւման համար ներկայի մեր միջոցներուն անբաւարարութիւնն ու անարդիւնաւէտութիւնը շեշտելէ ետք կ՛ընդգծէր անհրաժեշտութիւնը սփիւռքի վերակազմակերպումին եւ կը պատգամէր  հայ հանրութեան, յատկապէս` իր հովանաւորութեան տակ գործող թեմական կառոյցներուն, որ իբրեւ հրատապ ու առաջնահերթ խնդիր` օրակարգի հարց դարձնեն զայն, վերակազմակերպուին, վերաշխուժանան  եւ ջանան առաջքն առնել «սփիւռքի մաշում»-ին, սերունդներու ազգային ինքնութեան կորուստին…

Մամուլի եւ ֆէյսպուքեան հարթակներու ճամբով որքան որ կը փորձեմ հետեւիլ հայկական կեանքի անցուդարձերուն, ցարդ չեմ հանդիպած ուշագրաւ  որեւէ նախաձեռնութեան, որ գործնապէս  առնչուած ըլլայ վեհափառի կոչ-պատգամին: Այս ուղղութեամբ եւ իբրեւ առաջին քայլ, ուշադրութեան միակ արժանին տիկին Շաքէ Մանկասարեանի գլխաւորութեամբ Քաթարի մէջ գործող հայկական Radioayk-ի հրատարակած գիրքն է, որուն մասին կը կարդանք, թէ հոն մէկտեղուած են քսան գրիչներու կողմէ առաջարկուած  գործնական ծրագիրներ:

Գիրքը տակաւին ձեռքիս  չունիմ, որ կարենամ կարծիք կազմել, թէ ներկայացուած ծրագիրները որքան առարկայական են, իրագործելի եւ արդիւնաւէտ: Բայց անկախ անոնց  բնոյթէն`  շահեկան  է միայն ա՛յն, որ շնորհիւ այդ նախաձեռնութեան` առիթ  ստեղծուած է, որ քսան գրողներ պահ մը իրենց մտածումի սեւեռակէտը դարձնեն սփիւռքի սերունդին ազգային գիտակցութիւնը արթուն պահելու եւ ամրացնելու խնդիրը, ինչ որ վեհափառին ու մեր  բոլորին անձկութիւնն է: Վարձքը կատար Radioayk-ին եւ անոր տնօրէնուհիին` Շաքէ Մանկասարեանին:

( Ի դէպ, յայտնեմ, թէ որքան գիտեմ, նոյն մտատանջութեանց շրջագծին մէջ հրատարակուած երկրորդ գիրքն է: Առաջինը`  «Ազգային ինքնութիւն» օրակարգով Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ կազմակերպուած համասփիւռքեան խորհրդաժողովին ներկայացուած զեկուցումներու ամբողջութիւնն է, որ վեհափառին թելադրանքով հրատարակուեցաւ գիրքի տեսքով):

Հոս մատնանշելին մեր կառոյցներուն կամակորութիւնն է կամ անտարբերութիւնը`  գահավէժ կացութեան մը նկատմամբ, որուն մատնուած` օրէ օր կը հիւծի սփիւռքը:

Կը մտածեմ, որ առաջնորդարաններու նախաձեռնութեամբ ու գլխաւորութեամբ գաղութային գործօնները իբրեւ նախաքայլ ու սկիզբ  հետագայ ընելիքներու, եւ կամ պարզապէս գէթ իբրեւ  ընդառաջում վեհափառի հռչակագրին` չէի՞ն կրնար գաղութներու մէջ շրջան առ շրջան խորհրդաժողովներ կազմակերպել  ու  սփիւռքեան լրջագոյն մարտահրաւէրներուն հաղորդ դարձնել մասնակիցները, այդ մարտահրաւէրներով տագնապեցնել զանոնք, որպէսզի  անոնք ալ իրենց կարգին այդ տագնապին արձագանգը տանին իրենց շրջապատին:

Անշո՛ւշտ կրնային, կրնա՛ն: Բայց…

Կը թուի, թէ այս մէկն ալ պիտի ենթարկուի նախորդ հռչակագրերու ճակատագրին: Ընթերցում ու վերջ:

Կը թուի նաեւ, թէ Ազգային Կեդրոնական վարչութիւնն ալ պահանջատէր չէ  ազգային առաջնորդարաններու  պատասխանատու մարմիններէն…

Յամենայն դէպս:

Վեհափառին հռչակագիրը թէեւ նուիրուած է 2022 տարուան, բայց անով տրուած պատգամը մէկ տարիի կտրուածք չունի: Մնայուն որոնումի եւ մշտատեւ ջանքի պահանջ է ան, որ հետագայ տարիներուն ալ պիտի խթանէ ազգով ու ազգայինով մտատանջ մարդոց գիտակցութիւնը եւ յատկապէս գաղութային գործօնները,  որպէսզի առաջնահերթութեանց  առաջնահերթը համարեն  «սփիւռքի մաշումին» առաջքն առնելու հրամայականը` իբրեւ բոլորին ճիտին ծանրացող անխուսափելի եւ անյետաձգելի պարտք:

Հայուհի մը Քաթարէն աշխատանքի մղած է 20 գրիչներ: Իսկ մե՞նք…

Աթէնք, 16 յուլիս 2022

 

Նախորդը

Արդի Լիբանանեան Պտոյտ Մը

Յաջորդը

Իրանը` Թուրքիայի Լարախաղացութեան Անխուսափելի Պատնէշ…

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.