Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգներու Նման, Ամբողջովին Հաւատարիմ Կը Մնայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահի Իր Դերին» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

July 18, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսան կ՛աջակցի շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման եւ ամբողջովին հաւատարիմ կը մնայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահի իր դերին: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին Ֆրանսայի Ազգային տօնին առիթով Երեւանի դեսպանատան մէջ կազմակերպուած տօնական ձեռնարկին ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անն Լիւյօ:

Դեսպան Լիւյօ իր խօսքին մէջ նշած է, որ Պասթիյի գրաւման օրը` 14 յուլիսը, որ Ֆրանսայի մէջ կը նշուի իբրեւ Ազգային տօն, լաւ առիթ է յիշեցնելու ո՛չ միայն Ֆրանսայի` «խորապէս եւրոպական երկիր» ըլլալը, որոշակի արժէքները, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, լեզուամշակութային բազմազանութեան իր հաւատարմութիւնը, այլ նաեւ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի եղբայրական կապերուն եւ հասարակաց յանձնառութիւններուն մասին:

Ըստ դեսպանին, Ֆրանսան յանուն ժողովրդավարութեան կ՛ողջունէ կառավարութեան` Հայաստանի մէջ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման ուղղուած բարեփոխումները, իսկ յանուն անվտանգութեան` կ՛աջակցի շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման:

«Յանուն անվտանգութեան, Ֆրանսան, ինչպէս գիտէք, կ՛աջակցի շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման, որ պիտի երաշխաւորէ շրջանի բոլոր բնակիչներու, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը, անվտանգ ապրելու իրաւունքը: Այս ծիրին մէջ, Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգներուն նման, ամբողջովին հաւատարիմ կը մնայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահի իր դերին: Ֆրանսան, բնականաբար, կը սատարէ այս ուղղութեամբ Եւրոպական Միութեան կողմէ գործադրուող աշխուժ ջանքերուն», յայտարարած է Ֆրանսայի դեսպանը:

Դեսպան Լիւյոյի համաձայն, 14 յուլիսը միայն պատմական իրողութիւն չէ, անիկա ապագայի եւ կամքի խորհրդանիշն է, իսկ Հայաստանը բնական խաչմերուկ է, կամուրջ ազդեցութեան ոլորտներու, մշակոյթներու, առեւտրական շուկաներու միջեւ, եւ Ֆրանսան վճռական է օգնելու Հայաստանին` վերականգնելու այս աւանդութիւնը` օգնելով անոր կարգաւորել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները:

«Մենք կ՛ողջունենք այս ուղղութեամբ գործադրուած կառավարութեան ջանքերը», աւելցուցած է Ֆրանսայի դեսպանը:

 

Նախորդը

Վարչապետ Միքաթի Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Կ՛ողջունեն Ժետտայի Վեհաժողովը

Յաջորդը

Ալիեւ. «Հայաստանի Համար Կարգավիճակի Մասին Խօսիլը Շատ Վտանգաւոր Է, Մենք Կրնանք Զանգեզուրի Համար Կարգավիճակ Պահանջել»

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.