Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Հայաստանի Համար Կարգավիճակի Մասին Խօսիլը Շատ Վտանգաւոր Է, Մենք Կրնանք Զանգեզուրի Համար Կարգավիճակ Պահանջել»

Յուլիս 18, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կը կարծեմ, որ կարգավիճակի մասին խօսիլը շատ վտանգաւոր է Հայաստանի համար, որովհետեւ մենք կրնանք Զանգեզուրի համար կարգավիճակ պահանջել: Այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

«Վերջերս Հայաստանի ղեկավարը սկսաւ խօսիլ կարգավիճակի մը մասին, սակայն, երբ պատերազմը աւարտեցաւ, երբ Հայաստանը ստիպուած եղաւ ստորագրել անձնատուութեան հռչակագիրը, մեր` Ազրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ բանաւոր համաձայնութիւն կար, որ կարգավիճակի հարցը չի քննարկուիր: Հայաստանը որոշ ժամանակ ատոր հետեւեցաւ, սակայն վերջերս երբեմն իրենց վարչապետը, երբեմն ալ իրենց արտաքին գործոց նախարարը կը խօսին Ղարաբաղի կարգավիճակի մասին», ըսած է Ալիեւ:

Ան նշած է, որ կարգավիճակի մասին խօսիլը շատ վտանգաւոր է Հայաստանի համար, որովհետեւ իրենք ալ կրնան Զանգեզուրի համար կարգավիճակ պահանջել:

«Այս բացասական միտումները հետզհետէ կ՛աշխուժանան: Առայժմ ասիկա լուրջ բարդութեան չէ վերածուած: Սակայն եթէ այդ միտումները չկանխարգիլուին, օր մը ատիկա կրնայ հետեւանքներ ունենալ: Մենք ատիկա չենք ուզեր, երբեք ալ չենք ուզած:

«Չեմ ուզեր շատ խորանալ: Սպասենք վաղը արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի արդիւնքներուն: Մենք պիտի որոշենք, թէ ատկէ ետք ի՛նչ քայլեր պիտի ձեռնարկուին», ըսած է ան:

Ազրպէյճանի նախագահը յայտարարած է, որ 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութիւնը Հայաստանի փաստացի անձնատուութեան հռչակագիր է, եւ Հայաստանը, իբրեւ պարտուած կողմ, պարտաւորութիւններ ստանձնած է, անոնք յստակօրէն նշուած են:

Ան ըսած է, թէ այդ պարտաւորութիւններէն մէկը «Ղարաբաղէն հայկական զինեալ խմբաւորումները» դուրս բերելն է:

«Մինչեւ այսօր այդ հարցը լուծում չէ ստացած: Մենք բազմիցս այդ մասին արտայայտուած ենք, սակայն Հայաստանը կը ձգձգէ: Մենք այդ հարցը նաեւ ռուսական զինուորական ղեկավարութեան առջեւ արծարծած ենք, եւ քանի մը ամիս առաջ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը, որ այցելութեամբ Ազրպէյճան էր, մեր պաշտպանութեան նախարարին խոստացած է, որ մինչեւ յունիս հայկական զինեալ խմբաւորումները դուրս պիտի գան Ղարաբաղէն: Սակայն արդէն յուլիսի կէսն է, եւ այդ հարցը լուծուած չէ: Հայաստանը չի կատարեր իր այդ պարտաւորութիւնը` հակառակ 9 նոյեմբերի համաձայնագիրին:

«Ռուս խաղաղապահները, ռուսական կողմը, որ նոյնպէս ստորագրած է 9 նոյեմբերի համաձայնագիրը, ինչպէս կ՛ըսեն, անոնց չի ստիպեր: Ի հարկէ, ատիկա ընդունելի չէ», յայտարարած է Ալիեւ:

«Եթէ Հայաստանը չ՛ուզեր իր զինեալ խմբաւորումները հեռացնել, ապա թող մեզի այդ մասին բացէ ի բաց ըսէ, մենք գիտենք` ինչ պիտի ընենք: Ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ մեր պատասխանը. հաւանաբար, հիմա տեղին չէ այդ մասին խօսիլ», ըսած է Ալիեւ:

 

 

Նախորդը

«Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգներու Նման, Ամբողջովին Հաւատարիմ Կը Մնայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահի Իր Դերին» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

Յաջորդը

Պլինքըն. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛ողջունեն Միրզոյեան-Պայրամով Հանդիպումը Եւ Ուղիղ Երկխօսութիւնը»

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?