Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 18, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2397 վարակուածներ եւ մահացած է երկու պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 29.550 լ. ոսկի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Լիբանան կարողութիւն չունի իր ջուրերէն նաւթ եւ կազ արտահանելու գործողութեան երկար սպասելու: Ան մաղթեց, որ Իսրայէլի հետ հարցը կարելի եղածին չափ կարճ ժամանակի ընթացքին վերջնականանայ: Միւս կողմէ, Պքաաքաֆրայի մէջ Ռայի պատրիարքը շաբաթ օր մատուցեց Ս. պատարագ մը, որուն ընթացքին հաստատեց, թէ ոչ ոք ինքնիրեն իրաւունք պէտք է տայ սահմանադրական հեղինակութիւններուն փոխարէն որոշում կայացնելու, որովհետեւ Լիբանանի ազգային ինքնորոշման իրաւունքը Լիբանանը բաղկացնող բոլոր մասնիկներուն իրաւունքն է: Ռայի պատրիարքը լիբանանցի պատասխանատուներուն կոչ ուղղեց վերջ տալու երկրին սահմանադրութեան խախտումին եւ կազմելու նոր եւ գործունեայ կառավարութիւն մը, ինչպէս նաեւ ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահ մը, որ կարողութիւն ունի բոլոր լիբանանցիներուն հետ գործակցելու:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ Լիբանան կը գտնուի ծովային սահմանագծումի ընդմէջէն բնական իր հարստութիւնները վերստանալու հսկայ կարելիութեան մը դիմաց` աւելցնելով, որ ինք կը նախատեսէ, որ սահմանագծումը քանի մը շաբաթէն կարելի ըլլայ յաջողցնել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հասան Մըրատ ընտրուեցաւ Իթթիհատ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը Նաուաֆ Սալամի թեկնածութիւնը առաջադրեց եւ անոր անունը պնդեց, որովհետեւ ան բարեկարգչական է, եւ բոլորը կը վկայեն անոր պարկեշտութեան ու ատակ ըլլալուն մասին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ լիբանանցիները այս երկրին տէրերն են եւ անոնք են, որ երկրին քաղաքականութիւնները կը ճշդեն` իրենց զաւակներուն եւ յաջորդող սերունդներուն շահերուն հիման վրայ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Քամիլ Շամուն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը փափաքի իր փեսային համար կազմել կառավարութիւն մը` աւելցնելով, որ ներկայ իշխանութիւնները իրենց վերջին ամիսները պիտի աւարտեն նոյն ձախողութեամբ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ ոմանք սխալ որոշումներու ընդմէջէն կը փափաքին քաոս ստեղծել` աւելցնելով, որ այդ սխալ որոշումներէն են դատաւորներուն ամսական աշխատավարձի բարձրացումը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած իր գրառումին մէջ իր խօսքը ուղղելով Հըզպալլային, նշեց հետեւեալը. «Գիտենք, որ ձեր զէնքի ծրագիրին պատճառով քանդուեցաւ մեր երկիրը»:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ Լիբանանի դէմ տնտեսական պատերազմ կը մղուի` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը իր ժողովուրդը չի լքեր եւ չ՛արտօներ, որ ան իյնայ ամերիկեան անիրաւ շրջափակումին դիմաց:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ըսաւ. «Եթէ պարզուի, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու հաւանականութիւնները մեծ են, ապա Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը պիտի զօրակցի անոր»:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք Մարուն Ռասի մէջ յայտարարեց, որ սէուտական վարչակարգը 2022-ին արաբները կը նուաստացնէ, մինչդեռ Դիմադրութիւնը անոնց փառքը կը կերտէ:

 

 

Նախորդը

Թող Սրբալոյս Միւռոնը Համախմբէ Մեր Զաւակները` Մէկ Ազգի Ու Մէկ Հայրենիքի Շուրջ

Յաջորդը

Արսալի Մէջ Արկած Մը Կը Պատճառէ 8 Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.