Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի «Կենտրոն» նստավայրին մէջ արտադրիչ Արմէն Գրիգորեանի գործով նախնական դատական լսումներու ընթացքին Արմէն Գրիգորեան անհանգստացաւ, գիտակցութիւնը կորսնցուց, աթոռէն ինկաւ ու մահացաւ: Զինք փրկելու փորձերը ապարդիւն եղան:
Արմէն Գրիգորեան անազատութեան մէջ է 17 մայիս 2022-էն` Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 226-րդ յօդուածի (Բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչերը, բռնութիւնը հրապարակայնօրէն արդարացնելը կամ քարոզելը) 2-րդ մասով նախատեսուած յանցանք կատարելուն համար:
Անոր փաստաբանը` Ռուբէն Մելիքեան դիտել տուաւ, որ Արմէն Գրիգորեան առողջական խնդիրներ ունէր, սակայն կալանքի ժամանակ չէր արտօնած, որ Մելիքեան այդ հարցը բարձրացնէ:
Մելիքեան շեշտեց, որ Արմէն Գրիգորեան բացառապէս իր քաղաքական մօտեցումներուն համար ձերբակալուած է, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ կատարած յայտարարութիւններուն համար, աւելցնելով, թէ Արմէն Գրիգորեանը սպաննողները պէտք չէ փնտռել քրէակատարողական հիմնարկին մէջ:


