Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներկայացուցիչներու Տունը Ընդունեց Հայ Պատերազմական Գերիները Անյապաղ Ազատ Արձակելու Կոչով Ազգային Անվտանգութեան Յատկացումներու Հռչակագիրի Լրացումը

July 16, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը ընդունած է 2023 թուականի պիւտճէական տարուան մէջ Ազգային անվտանգութեան յատկացումներու հռչակագիրին ներկայացուած յաւելեալ երեք հայամէտ լրացում: Այս մասին հաղորդեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

Մասնաւորաբար, ընդունուած է 611-րդ լրացումը, որով Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղուի անյապաղ ազատ արձակելու հայ պատերազմական գերիներն ու քաղաքայինները: Լրացման հեղինակը Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Էտըմ Շիֆն է:

Բացի ատկէ, ընդունուած է Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ճեքի Սփիըրի ներկայացուցած լրացումը, որով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ կ՛ուղղուի ներկայացնելու զեկուցում, որուն մէջ փաստաթղթաւորուած են Պայտընի վարչակազմին կողմէ «Ազատութեան աջակցման հռչակագիր»-ի 907-րդ լրացումը դարձեալ շրջանցելու պատճառները: Սփիըր  լրացման մէջ նաեւ պահանջած է, որ ներկայացուելիք զեկուցումին մէջ տեղեկութիւն ըլլայ այն մասին, թէ արդեօք Ազրպէյճանին ցուցաբերուած ամերիկեան աջակցութիւնը չէ վնասած Արցախի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ տրուի գնահատական նոյեմբեր 2020-ի զինադադարէն մինչեւ օրս Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ յարձակողական ուժի կիրարկման կամ Հայաստանի գերիշխան տարածքի ոտնահարման վերաբերեալ:

Ներկայացուցիչներու տունը նաեւ ընդունած է Քոնկրեսականներ Ֆրենք Փալոնի, Քրիս Փափասի եւ Կուս Պիլիրաքիսի լրացումը, որով կոչ կ՛ուղղուի սահմանափակելու ամերիկեան «ԷՖ-16» հալածիչներու եւ անոնց արդիականացման սարքաւորումներու վաճառքը Թուրքիոյ:

Նշենք, որ որդեգրուած լրացումը կը բովանդակէ երաշխիքներ, թէ այդ օդանաւերը Յունաստանի օդային տարածքին դէմ ոտնձգութիւններու համար պիտի չօգտագործուին:

13 յուլիսին Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրած էր Ազգային անվտանգութեան յատկացումներու հռչակագիրին ներկայացուած 121-րդ լրացումը, որով կը պահանջուի զեկուցում ներկայացնել Ազրպէյճանի պատերազմական յանցագործութիւններուն վերաբերեալ: 121-րդ լրացումը, մասնաւորաբար, արտաքին գործոց նախարարութենէն եւ պաշտպանութեան նախարարութենէն կը պահանջէ ներկայացնել զեկուցում, որուն մէջ մանրամասն կերպով նկարագրուած ըլլայ, թէ արդեօք Հայաստանի եւ Արցախի դէմ 2020 թուականին Ազրպէյճանի կողմէ կիրարկուած թրքական անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ օգտագործուած եղա՞ծ են ամերիկեան արտադրութեան մասեր: Բացի ատկէ, զեկուցումին մէջ պէտք է ներկայացուին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սպիտակ ֆոսֆորի, տարանջատուող ռումբերու եւ այլ արգիլուած զինատեսակներու կիրարկման, պատերազմին մէջ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ օտարերկրեայ ահաբեկիչ վարձկաններու ներգրաւման մասին տեղեկութիւններ:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնած է Քոնկրեսի ղեկավարներուն, դաշնակից գործընկերներուն եւ կազմակերպութեան տասնեակ հազարւոր աջակիցներուն, որոնց շնորհիւ այս յաղթանակը կարելի դարձած է:

«Միասին աշխատելով` մենք կ՛օգնենք պաշտպանել Արցախը, յառաջ մղել Հայաստանը, պատասխանատուութեան ենթարկել Ազրպէյճանը եւ դադրեցնել ամերիկեան զէնքի Թուրքիա հոսքը», ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեանը:

 

 

Նախորդը

Մահացաւ Կալանքի Տակ Գտնուող Արմէն Գրիգորեան

Յաջորդը

«Քանի Մը Ժամուան Այցելութեամբ Երեւան Հասած Է «Սի.Այ.Էյ.»-ի Տնօրէնը» Կը Գրէ «Սփութնիք Արմենիա»

RelatedPosts

Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային  Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի  Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոս. «Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Եւրոպական Միութեան Ուղղութեամբ»

October 7, 2026
Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի  Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ  Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»

October 7, 2026
Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ  Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը  Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները
Հայկական

Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.