Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ` ընդառաջելով Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փիթըր Սէարթոյի հրաւէրին, երէկ մեկնեցաւ Հունգարիա:
Սէարթոյի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ քաղաքական յարաբերութիւններուն մէջ հաւատարմութիւնը վերածուած է հազուագիւտ երեւոյթի մը` ընդգծելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հունգարիոյ քաղաքացիական համադաշնակցութեան միջեւ յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը:
Քննարկուեցան նաեւ միջազգային հարցեր, ինչպէս` Ուքրանիոյ տագնապին ունեցած ազդեցութիւնը` միջազգային տնտեսութեան, յատկապէս` սնունդի եւ ուժանիւթի առումով:
Պասիլ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին` հաստատելով այդ հարցին լուծման անհրաժեշտութիւնը:
Ան ընդգծեց, որ սուրիացի տեղահանուածները պէտք է արժանապատիւ տունդարձ կատարեն:
Լիբանանի ծովային սահմանագծումին առումով, Պասիլ ընդգծեց, որ սահմանագծումին մասին համաձայնութիւնը պէտք է նաեւ Լիբանանի կողմէ կազ եւ նաւթ հորատելու երաշխիքներ ապահովէ:
Նշենք, որ Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Հունգարիոյ խորհրդարանի նախագահին հետ, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Հունգարիոյ քաղաքական եւ տնտեսական հարցերը, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի եւ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները:


