Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 27 տարեկան յառաջապահ Ռահիմ Սթերլինկ, Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիէն տեղափոխուեցաւ Չելսի, որուն հետ ստորագրեց 5 տարուան պայմանագրութիւն մը:
Սթերլինկ, որ 2015-ին Լիվըրփուլէն տեղափոխուեցաւ Մանչեսթըր Սիթի, վերջինիս հետ 339 մրցումի ընթացքին նշանակեց 131 կոլ եւ չորս անգամ տիրացաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին:
Իսկ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ան իր մասնակցութիւնը բերած է միջազգային 77 մրցումի եւ նշանակած 19 կոլ:


