«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ին պաշտօնական կայքը հրապարակեց եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն 2022-2023 տարեշրջանին մրցանակային հիմնադրամին գումարը, որ կը կազմէ 3,5 միլիառ եւրօ:
«Չեմփիընզ Լիկ»-ի պարագային, անիկա 2,032 միլիառ եւրօ է: Տիտղոսակիրը պիտի ստանայ 20 միլիոն եւրօ, իսկ փոխախոյեանը` 15,5 միլիոն եւրօ:
Նիւթական պարգեւներ պիտի ստանան նաեւ նոյնիսկ փլէյ օֆի մրցումներէն դուրս մնացող կազմերը:
«Եուրոփա լիկ»-ին տրամադրուած գումարն է 465 միլիոն եւրօ, իսկ «Քոնֆըրընս Լիկ»-ինը` 235 միլիոն եւրօ:
Վերջապէս, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի գերբաժակի մրցաշարքին մասնակցողները (Ռէալ Մատրիտ եւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ) պիտի ստանան 3,5-ական միլիոն եւրօ, իսկ տիտղոսակիրը` յաւելեալ 1 միլիոն եւրօ:


