ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 785 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 29.500 լ. ոսկի:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերը վերադարձուցին Ատայսէէն Մըսքաֆ Աամ անցած լիբանանցի քաղաքացին: Իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ Իսրայէլ մուտք գործած լիբանանցի քաղաքացին Նաքուրայի անցքին մէջ յանձնուած է լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի, Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն, հանրապետութեան նախկին նախագահ Միշել Սլէյմանէն, նախկին վարչապետներ Հասսան Տիապէն եւ Ֆուատ Սինիորայէն, խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիէն, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսէն, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայել Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքէն, յոյն կաթողիկէ համայնքի Եուսեֆ Ապսի պատրիարքէն, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով նախկին եւ ներկայ նախարարներէ եւ երեսփոխաններէ:
Պըրրի իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունայի հետ` անոր յայտնելով իր շնորհաւորութիւնները:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի Ատհայի տօնին առիթով հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, որոնց յայտնեց իր շնորհաւորութիւնները: Միքաթի շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ նաեւ Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմիէն, Քաթարի վարչապետ շէյխ Խալետ պըն Խալիֆա պըն Ապտել Ազիզ Ալ Թանիէն, Յորդանանի վարչապետ Պիշեր Խասաունէէն, Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլիէն, ինչպէս նաեւ կարգ մը արաբական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններէն:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Սաատէ Շամի ընդգծեց, որ ներկայիս Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական ապաքինման ծրագիրին շուրջ էական բարեփոխումներ չկան` աւելցնելով, որ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար կարելի է 100 հազար տոլարի գումար մը պաշտպանել:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կոչ ուղղեց երկրին դատական իշխանութիւններուն իրենց աշխատանքը պարկեշտութեամբ եւ անկախութեամբ կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան ընկերութեան մէջ հաւասարակշռութիւնը վերահաստատել:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքարի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք նոր կառավարութեան կազմութիւնը չի նախատեսեր: Ան զարմանք յայտնեց, որ դատական իշխանութիւնները Լիբանանի մէջ ոչ ոք կը ձերբակալեն` նկատի ունենալով, որ Լիբանան համաշխարհային առումով ամէնէն փտած երկիրներէն է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ մաղթեց, որ Լիբանանի տրամադրուած իրաքեան նաւթի համաձայնագիրը կարելի ըլլայ ընդարձակել, որպէսզի Լիբանանի մէջ շուրջ 9 ժամ ելեկտրական հոսանք հայթայթուի: Ֆայեատ ընդգծեց, որ համաձայնագիրը ընդարձակելու եւ երկարաձգելու իրաքեան դրական մօտեցում արձանագրուած է:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազենի հետ: Քննարկուեցան սահմանադրական յաջորդ գործընթացներուն մանրամասնութիւնները:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա պաշտօնապէս յայտնեց, որ ինք կը մերժէ իր ամսական աշխատավարձը 8000-ի սակին հիման վրայ ստանալ` աւելցնելով, որ նման որոշումներու պարագային խտրութիւնը կարելի չէ ընդունիլ: Ան պահանջեց պետական մարզի բոլոր պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերը նոյն սակին հիման վրայ ճշդել:
ԲԱՐԵԿԱՐԳՉԱԿԱՆ երեսփոխան Ուատտահ Սատեք մերժեց երեսփոխաններուն եւ դատաւորներուն տրուած ամսական աշխատավարձի յաւելումը` հաստատելով, որ այդ որոշումը պէտք է ըլլայ ամբողջական եւ ներառէ ամբողջ պետական մարզը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սաժիհ Աթիէ շեշտեց, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ չէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս կոչ ուղղեց անձնասիրութիւնը մէկդի դնելու եւ զիջելու` ժողովուրդի շահերուն դիմաց:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի անունով շնորհաւորեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանը, ինչպէս նաեւ Լեռնալիբանանի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ժուզուն, Ատհայի տօնին առիթով:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որ տնտեսական եւ ելեւմտական ապաքինման ծրագիր կը ներկայացնէ երկրին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Եանալ Սոլհ հաստատեց, որ Լիբանան տնտեսական սուր տագնապ մը կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ երկիրը կարիքը ունի լիբանանեան արտադրութիւն ապահովող իւրաքանչիւր հաստատութեան:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատի որդեգրած ծրագիրը մասամբ վերջ մը կը դնէ քաղցկեղ ունեցող հիւանդներուն տառապանքին:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ չէզոքութիւնը պէտք է ըլլայ բոլոր լիբանանցիներուն համար` աւելցնելով, որ Լիբանանի փրկութիւնը միայն չէզոքութեան ճամբով կարելի պիտի ըլլայ ապահովել: Ռիաշի ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ նախագահական ընտրութեան բնական թեկնածու է, որովհետեւ ան մեծագոյն երեսփոխանական պլոքին տէրն է: Ան հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կ՛աշխատի միաւորել ընդդիմութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ կարգ մը քաղաքական ուժերու որդեգրած քաղաքականութիւնները կը նպաստեն հայրենիքի քանդումին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ 49 նորագիրներու անդամաքարտերու յանձնումի պաշտօնական ձեռնարկին ընթացքին ընդգծեց, որ նախագահական ընտրութիւնները հիմնական անկիւնադարձ մը կը կազմեն: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ ընդդիմութիւնը համաձայնութիւն գոյացնէ նախագահական թեկնածուի մը շուրջ: Այս շրջագիծին մէջ ան կոչ ուղղեց ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ երկխօսութեան:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ցաւակցութիւն յայտնեց Ճափոնի նախկին վարչապետ Սինձօ Ապէի սպանութեան առիթով:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը ազգային կեցուածքներ կ՛որդեգրէ, իսկ կարգ մը քաղաքական ուժեր դեսպանատուները գոհացնող կեցուածքներ կ՛որդեգրեն:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ եւ Լեռնալիբանանի ջուրի ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ժան Ժըպրան յայտնեց, որ մայրաքաղաքին ըմպելի ջուր մատակարարող խողովակները հինցած են, եւ դիտմամբ ոչինչ կը կատարուի: Ան հաստատեց, որ երկու ամիս ետք եթէ կարելի չըլլայ իրարու օգտակար հանդիսանալ, ապա ըմպելի ջուրի մատակարարումը կանգ պիտի առնէ, «իսկ ընկերութիւնը ի վիճակի պիտի չըլլայ որեւէ նորոգութիւն ստանձնելու», շեշտեց Ժըպրան:
ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի նոր դեսպան Մուժթապա Ամանին, որուն յանձնարարեց Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդել: Ապտոլլահեան ընդգծեց իրանեան-լիբանանեան ռազմավարական յարաբերութիւններուն պահպանումը:


