ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլէն 1.6 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնք գնելու Ազրպէյճանի քայլէն ետք, Թեհրան Պաքուն զգուշացուցած է: Իրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ճաւանշիր Ախունտով կանչուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր իրեն փոխանցուած է այն զգուշացումը, թէ Թեհրան Իսրայէլին պիտի չարտօնէ Իրանի դէմ «ահաբեկչական գործողութիւններ» շղթայազերծելու համար Ազրպէյճանը օգտագործելու:
Ազրպէյճանի դեսպանը հաստատած է իսրայէլեան զէնքերու գնման լուրը, սակայն բացատրած է, որ այդ զէնքերը «Ազրպէյճանի բռնագրաւուած հողամասերը ազատագրելու համար պիտի օգտագործուին»: Ան յայտարարած է, որ Պաքու «պիտի չարտօնէ, որ գնուած զինամթերքը երրորդ երկրի մը դէմ, մասնաւորաբար, Իրանի դէմ օգտագործուի»:


