Երէկ` հինգշաբթի, 7 յուլիսին «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ալաշկերտ-Համրուն Սփարթանս (Մալթա) մրցումը, որ վերջ գտաւ հայրենի կազմին յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով:
Մրցումին միակ կոլը 25-րդ վայրկեանին նշանակեց, 32 տարեկան յետսապահ Արտակ Եդիգարեան, որ հեռուէն ուժգին զօրաւոր հարուածով մը պարտութեան մատնեց մրցակից բերդապահին պաշտպանած բերդը:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 14 յուլիսին, Մալթայի մէջ:


