Հայրենի ֆութպոլիստ Արթուր Միրանեան հեռացաւ Ուրարտուէն, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ակումբին հետ 26 տարեկան յառաջապահին պայմանագրութիւնը աւարտած ըլլալով, կողմերը փոխադարձ համաձայնութեամբ որոշեցին զայն չերկարաձգել:
Նշենք, որ ան 2021-ի մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին միացաւ Ուրարտուին, որուն հետ ան կատարեց 28 մրցում եւ նշանակեց 14 կոլ:


