Հայաստանի կառավարութեան եւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ջանքերուն շնորհիւ, 23-28 օգոստոսին Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենան ֆութսալի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցաշարքին մրցումները, այս մասին յայտնեց Երեւան ակումբին պաշտօնական կայքը:
Այսօր` հինգշաբթի, 7 յուլիսին զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը, որմէ ետք կը յստականան Երեւանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն մրցակիցները:
Նշենք, որ Հայաստանի ախոյեան Երեւան ընդգրկուեցաւ Ա. զամբիւղին մէջ:


