Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ստանձնեց Եւրոպական Միութեան Դէտերուն Պատրաստած Տեղեկագիրը

July 5, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող Եւրոպական Միութեան դէտերու յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ Ճիորճիօ Հոլվինիի եւ ընկերակցութեամբ յանձնախումբի փոխնախագահ Եարիք Տոմայնսքիի եւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թրաֆի:

Հոլվինի Պըրրիին յանձնեց 2022-ի Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին Եւրոպական Միութեան դէտերուն պատրաստած տեղեկագիրը:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի Ֆիրուզնիայի հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ. քննարկուեցան երկրին ընդհանուր իրադարձութիւններն ու քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի, որ Պըրրիի հետ քննարկեց Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի հարցն ու Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապալի իրավիճակը, որուն շրջագիծին մէջ նաեւ` մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ ջուրի եւ ելեկտրականութեան տագնապին վերաբերող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Մախզումի նշեց, որ սահմանագծումի թղթածրարը հիմնական է, եւ կոչ ուղղեց դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներու գումարներուն, այլ խօսքով` իրաւունքներուն հարցին լուծում գտնելու:

ՆՇԵՆՔ, որ Ամալ շարժումի քաղաքական խորհուրդը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ Ժամիլ Հայէքի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ սահմանագծումի թղթածրարը քաղաքական առումով տրամադրութեան անկում կամ կառավարութեան կազմութեան իմաստով յաւելեալ յապաղում չի կրնար հանդուրժել:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Բողոքի Ցոյցերը Կը Վերադառնան, Իսկ Պետական Մարզի Պաշտօնէութիւնը Կը Շարունակէ Իր Բաց Գործադուլը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.