Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Շիայի Հետ Արծարծեց Հոքշթայնի Խորհրդակցութիւնները

July 2, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ արծարծեց Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումին իմաստով ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի կատարած խորհրդակցութիւնները:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Քաթարի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Իպրահիմ պըն Ապտել Ազիզ Սահլաուին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-քաթարեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Պըրրի ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւններն ու օրէնսդրական հարցերը: Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւններ կատարելու:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իյըն Քոլարտ, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Շիա–Ֆայեատ Հանդիպում

Դեսպան Շիա երէկ այցելեց նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատի, որուն հետ քննարկեց Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի հետ 21 յունիսին ստորագրուած համաձայնագիրներուն վերաբերող հարցեր:

Շիա շնորհաւորեց Ֆայեատը համաձայնագիրները ստորագրելու առիթով եւ անոր ներկայացուց Ուաշինկթըն կատարած իր վերջին այցելութեան արդիւնքները, որոնց հիման վրայ ամերիկեան վարչակազմն ու նախագահութիւնը Լիբանանին զօրակցութիւն կը յայտնեն:

Շիա հաստատեց, որ Սուրիան «Սիզըր» պատժամիջոցներու օրէնքէն զերծ կացուցելու առումով զարգացումներ արձանագրուած են եւ երաշխիքներ տրուած` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի Լիբանանի համար կազ ապահովելու, որովհետեւ անիկա դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ամբողջ շրջանին համար:

Նախորդը

Քըրըմ. «Հաղորդակցութեան Միջոցներու Մարզը Չի Կրնար Գոյատեւել Առանց Սակերը Բարձրացնելու»

Յաջորդը

Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Խորհրդակցական Հանդիպում

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.