Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանահայ Երիտասարդը` Լիբանանահայութեան Ապագան» Խորագրով Երիտ-Ուսանողական Խորհրդաժողով

June 28, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, կիրակի, 19 յունիս 2022-ին «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լիբանանահայ երիտասարդը` լիբանանահայութեան ապագան» խորագրով երիտ-ուսանողական խորհրդաժողովը` մասնակցութեամբ լիբանանահայ երիտասարդական, ուսանողական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու:

Խորհրդաժողովին նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել լիբանանահայ երիտասարդութիւնը յուզող այն բազմապիսի տագնապները` տնտեսական, ընկերային, առողջապահական, հոգեբանական եւ ուսումնական, զորս կը դիմագրաւեն Լիբանանն ու լիբանանցին, քննարկել զանոնք եւ ապա լուծումներ մշակել եւ առաջարկներ ներկայացնել:

Խորհրդաժողովը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին եւ աւարտեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի անդամ Գէորգ Եագուպեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայացուց խորհրդաժողովին հիմնական նպատակը. ան հաստատեց, որ` «Այսօր, հակառակ երկրին մէջ ստեղծուած բաժանումներուն եւ քաղաքական լարուածութեան, հայ գաղութը եւ յատկապէս լիբանանահայ երիտասարդութիւնը կը մնան մէկ բռունցք»:

Իր խօսքը շարունակելով` ան ընդգծեց, որ խորհրդաժողովին մասնակից բոլոր միութիւնները, ընդառաջելով ՀՅԴ ԶՈՄ-ի կոչ-հրաւէրին, համախմբուած են, որովհետեւ ունին միասնական մտահոգութիւն մը` լիբանանահայ գաղութի ապագան, նկատի ունենալով, որ գաղութը եւ յատկապէս երիտասարդը կը գտնուին աննախադէպ տագնապներու դէմ յանդիման:

Խորհրդաժողովը բաժնուած էր երկու մասերու: Առաջին մասը դասախօսութիւններու շարք մըն էր, իսկ երկրորդը` աշխատանոց:

Դասախօսութեանց նիւթերն էին`

Ա.- «Լիբանանի բազմատեսակ տագնապներն ու անոնց ազդեցութիւնը լիբանանահայ երիտասարդին վրայ,
Ա:1.- Ընկերային իրավիճակ,
Ա:2.- Ուսումնական իրավիճակ,
Ա:3.- Տնտեսական իրավիճակ,

Բ.- Հայկական միութիւններու դերակատարութիւնը, լիբանանահայ երիտասարդին հետ իրենց կապը եւ անոնց դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւնները:

Ընկերային իրավիճակը ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի դասախօս Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան: Ան անդրադարձաւ երիտասարդին ընկերային եւ հոգեբանական ներկայ իրավիճակին. դասախօսը բացատրեց անձկութեան հետեւանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ անորոշութեան մասին, որ ժխտականօրէն կ՛ազդէ երիտասարդին ինքնավստահութեան վրայ եւ իբրեւ հետեւանք` կը տկարացնէ անձին ճիշդ որոշումներ կայացնելու ունակութիւնը: Շ. Խիւտավերտեան եզրակացուց, որ` «Լիբանանահայութիւնը ապագայ չ՛ունենար, երբ իր երիտասարդը հոգեպէս հանգիստ եւ առողջ չէ»:

Ուսումնական իրավիճակը ներկայացուց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի կրթանպաստներու ծրագիրի մը պատասխանատու Փաթիլ Եսայեան: Ան ներկայացուց ուսումնական հետազօտութիւններու արդիւնքներ, ըստ որոնց, երկրի դժուար պայմաններուն պատճառով աներեւակայելի սղաճ արձանագրած են ուսումնական կրթաթոշակները, եւ հետեւաբար դպրոց-համալսարան յաճախող ուսանողներու թիւերը շարունակաբար կը նուազին: Ան հաստատեց, որ տնտեսական տագնապը պատճառ պիտի հանդիսանայ համալսարան յաճախել ձգտող  աշակերտներու թիւի նուազումին, եւ որ` մեծաթիւ հայ ուսանողներ առանց նիւթական օժանդակութեան պիտի չկարենան շարունակել իրենց համալսարանական ուսումը:

Տնտեսական իրավիճակը ներկայացուց «Աուտի» դրամատան Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի տնօրէն Քրիստ Լիպարեան: Ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացնելէ ետք տնտեսական իրավիճակն ու շարունակուող տագնապի պատմականը, եզրակացուց, որ այժմ լիբանանցի երիտասարդը կը գտնուի տնտեսական անել կացութեան մը մէջ, որ կարելի է շրջանցել միայն համբերութեամբ ու աղօթքով:

Վերջապէս, վերջին նիւթը ներկայացուց «Ազդակ» օրաթերթի լիբանանեան լուրերու խմբագիր Արշօ Պալեան: Ան խօսեցաւ գաղութէն ներս միութիւններու կարեւորութեան մասին` ընդգծելով, որ անոնք գաղութը միախմբող կեդրոններ են, կեդրոններ, ուր երիտասարդներ կը համախմբուին գաղութին ծառայելու համար: Ա. Պալեան ներկայացուց նաեւ միութիւններու դիմագրաւած դժուարութիւնները` նիւթական, մարդուժի եւ գումակային: Դասախօսը իր նիւթին տալով զրոյցի բնոյթ` դասախօսութեան ընթացքին երիտասարդներուն առիթ տուաւ կարծիքներ փոխանակելու:

Սուրճի եւ ճաշի դադարներէ ետք տեղի ունեցաւ աշխատանոց մը. աշխատանոցի ընթացքին ներկաները բաժնուելով երեք խումբերու` մշակեցին լուծումներ ու ներկայացուցին գաղութին ուղղուած առաջարկներ` ընկերային, ուսումնական եւ տնտեսական տագնապները փորձել դիմագրաւելու համար եւ հայ երիտասարդին առաւելագոյնս օգտակար դառնալ փորձելու համար:

Աւարտին կարդացուեցաւ պատրաստուած   հաղորդագրութիւնը:

«Լիբանանահայ Երիտասարդը` Լիբանանահայութեան Ապագան» Խորագրով Երիտ-Ուսանողական Խորհրդաժողով
«Լիբանանահայ Երիտասարդը` Լիբանանահայութեան Ապագան» Խորագրով Երիտ-Ուսանողական Խորհրդաժողով
Նախորդը

Դէպի Ազգային Պետականութիւն…

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ազգին «Դիմադրութիւն»-ը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.