Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 23, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 861 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 28.800 լ. ոսկի է:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իյըն Քոլարտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Միւֆթի Տըրիանի այցելեց նաեւ Համասի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայէլ Հանիէ, որ հաստատեց, որ Լիբանանի կայունութիւնն ու ուժը Պաղեստինեան իշխանութեան եւ դիմադրութեան համար զօրութիւն կը նկատուին:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով, իրենք կը զօրակցին վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի կեցուածքին` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարին յարմար լուծումը կարելի պիտի ըլլայ ապահովել միայն Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցելով: Մքերի հաստատեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը` նախագահական ընտրութիւններուն, լուրջ է, որովհետեւ ան քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ երկխօսութիւն կատարելու կարողութիւն ունեցող անձնաւորութիւն է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքը երէկ Այն Թինէի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Քննարկուեցաւ այսօրուան խորհրդակցութիւններուն ընթացքին այն թեկնածուի անունը, որուն պլոքը պիտի զօրակցի` վարչապետի պաշտօնին համար: Պլոքին անունով երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ թեկնածուին ինքնութեան մասին պիտի յայտարարուի այսօր` հանրապետութեան նախագահին հետ խորհրդակցելէ ետք:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ այսօրուան երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն ընթացքին, Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքը ոչ ոքի թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ վարչապետի պաշտօնին համար:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Մուաուատ յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնին համար կատարուելիք երեսփոխանական խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ, Գերիշխանական անկախ պլոքը լիբանանեան վարչակազմին մաս կազմող քաղաքական ոչ մէկ դէմքի, յատկապէս` Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութեան պիտի զօրակցի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սեզար Մաալուֆ յայտնեց, որ այսօր պիտի վկայենք վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի վերանշանակումը` իբրեւ վարչապետ, սակայն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը անկարելի պիտի ըլլայ: Ըստ Մաալուֆի, Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի անիշխանութիւն` կառավարական եւ նախագահական մակարդակներով:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Քամիլ Շամուն երէկ այցելեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող շարք մը հարցեր, ինչպէս` Լիբանանի հարաւային, հիւսիսային եւ արեւելեան սահմանագծումի թղթածրարը: Քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանանի ապահովական իրավիճակը:

Շամուն զօրակցութիւն յայտնեց բանակին եւ ցաւակցութիւն յայտնեց հայրենիքի ծառայութեան ընթացքին նահատակուած բանակայիններուն համար:

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութեան համաձայն, «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» իրաւական հաշուեքննութեան միջազգային ընկերութեան հաշուեքննիչներ Լիբանան պիտի հասնին յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին, որպէսզի կատարեն Միջազգային դրամատան իրաւական հաշուեքննութիւնը:

 

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնը Տուաւ 2022 Թուականի Իր Հունձքը

Յաջորդը

Մաուլաուի Հալապիի Հետ Քննարկեց Պետական Քննութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 6, 2026
Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին  Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն  Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին  Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»
Լիբանանեան

Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»

January 5, 2026
Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ  Համասի Զէնքի Յանձնման`   Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն,  Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին  Յամառութեան Կը Հանդիպինք»
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ Համասի Զէնքի Յանձնման` Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն, Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին Յամառութեան Կը Հանդիպինք»

January 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.