Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միւֆթի Տըրիան Կոչ Կ՛ուղղէ Երեսփոխաններուն Ամրապնդելու Իրենց Միասնականութիւնը

June 21, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց յայտնեց, թէ նախագահական պալատին մէջ կատարուելիք վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները անոնց վստահուած պարտականութիւն մըն է, որ երաշխիքը պիտի ըլլայ կազմուելիք նոր կառավարութեան: «Այնպիսի կառավարութեան մը, որ իմաստութեամբ, գիտակցութեամբ եւ պայծառատեսութեամբ պիտի ջանայ լուծել Լիբանանի դիմագրաւած դժուար կացութիւնն ու տագնապները», ըսաւ ան:

Միւֆթի Տըրիան ընդգծեց, որ Տար Ֆաթուան բոլոր լիբանանցիներուն տունն է եւ իր զաւակներուն միջեւ խտրութիւն չի դներ, այլ` անոնց հետ կը վարուի եղբայրական սիրով ու հաւասարութեամբ:

Հանրապետութեան միւֆթին կոչ ուղղեց խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական բոլոր ուժերու երեսփոխաններուն ամրապնդելու իրենց միասնականութիւնը, որպէսզի կարենան նշանակել այն վարչապետը, որ իր գլխաւորելիք կառավարութեամբ պիտի ստանձնէ բարեկարգումներու գործադրութիւնը շարունակելու աշխատանքը` Լիբանանը դուրս բերելու իր ելեւմտական, տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի տագնապներէն, ինչպէս նաեւ յանգելու հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան:

Իր խօսքը ուղղելով երեսփոխաններուն` միւֆթի Տըրիան մաղթեց, որ անոնք իրենց միասնականութիւնն ու համագործակցութիւնը ամրապնդեն եւ Լիբանանի շահերը հետապնդեն` զանոնք նկատելով հիմնական նպատակներ:

Նախորդը

Ֆատի Հասան. «Կը Նախատեսենք, Որ Օրական Դրութեամբ 11 Հազար Հոգի Հասնի Լիբանան»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ Պահանջուած Բարեկարգումները Կատարելու»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.