Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նասսար Կոչ Կ՛ուղղէ Ծոցի Երկիրներու Զբօսաշրջիկներուն Այցելելու Լիբանան

June 20, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար շաբաթավերջին քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին կոչ ուղղեց Ծոցի երկիրներու զբօսաշրջիկներուն այցելելու Լիբանան` իրենց «Երկրորդ հայրենիք»-ը:

Նասսար շեշտեց, որ Ծոցի երկիրներուն եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը հիմնական կէտ մըն էր կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ:

Նասսար հաստատեց, որ հակառակ ելեկտրականութեան եւ վառելանիւթի տագնապին, երկրին մէջ զբօսաշրջութիւնը բնականոն թափով կ՛ընթանայ: Ան աւելցուց, որ նման հարցեր պէտք չէ զիրենք զերծ կացուցեն զբօսաշրջական եղանակը յաջողցնելէ:

Նասսար շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութեան արշաւը միայն պաստառներ զետեղելու վրայ պիտի չկեդրոնանայ` աւելցնելով, որ այդ պաստառները երկրին դրական մթնոլորտ կը պարգեւեն` լարուածութեան փոխարէն:

«Պաստառներու զետեղումին կողքին նախարարութիւնը յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին պիտի իրականացնէ շարք մը ծրագիրներ` յատուկ զբօսաշրջութեան վերաբերող», ըսաւ Նասսար` մաղթելով, որ երկրին քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնը պահպանուի:

Նասսար հաստատեց, որ նախարարութիւնը կը զօրակցի հիւրատուներուն, պանդոկներուն եւ գիշերային զբօսավայրերուն, եւ այդ պատճառով ալ նախարարութիւնը պահանջեց զբօսաշրջական հաստատութիւններէն սակերը ամերիկեան տոլարով ճշդել, սակայն լիբանանեան դրամանիշով գանձել գումարները:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մաուլաուի. «Լիբանանեան Պետութեան Համար Միլիոնաւոր Տոլարներ Խնայեցի»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.