Քրեմլին համոզուած է, որ հակառակ ներկայ ծանր ճգնաժամին, Միացեալ Նահանգներու հետ հաղորդակցութեան խողովակները պէտք է պահպանել, որովհետեւ անոնք կենսական նշանակութիւն ունին: Այս մասին ըսաւ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Ապագային կրնան Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու բարելաւման յոյսեր ըլլալ, սակայն ատիկա պիտի ըլլայ ամբողջովին նոր հաղորդակցութիւն: Հաղորդակցութիւնը շատ կարեւոր է, Միացեալ Նահանգները որեւէ տեղ պիտի չանհետանան, Եւրոպան պիտի չանհետանայ, ուստի, մենք պարտադրուած ենք որոշ եղանակով հաղորդակցութիւն պահպանելու», ըսաւ Քրեմլինի բանբերը:
Անոր համաձայն, ապագային յարաբերութիւնները եւ հաղորդակցութիւնը պէտք է հիմնուին բացառապէս փոխադարձ յարգանքի, անվտանգութեան անբաժանելիութեան, փոխադարձ մտահոգութիւններու ըմբռնման եւ փոխադարձ շահի վրայ:
Ան աւելցուց, որ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները «զերօ կէտ»-ին վրայ են, եւ երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութիւն գոյութիւն չունի:
«Այժմ մենք կը գտնուինք դիմակայութեան շատ-շատ խիստ թէժ կէտի մէջ», ըսաւ Փեսքով:


