Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Խնամքով Շրջանցումներ Եւ Հարուած` Հայկական Բանակցային Դիրքերուն

June 17, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը խորհրդարանի նիստին յայտարարեց.

«Բանակցային գործընթացի ամբողջ պատմութեան ընթացքին, թէ՛ Ռոպերթ Քոչարեանը եւ թէ՛ Սերժ Սարգսեանը, այդպիսով նաեւ անոնց քաղաքական արբանեակ Դաշնակցութիւնը Արցախը ճանչցած են իբրեւ Ազրպէյճանի մաս եւ/կամ չեն առաջնորդուած «Արցախը երբեք պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ» սկզբունքով»:

Ընդհանուր պետութեան տեսութենէն Քի Ուեսթ կամ մատրիտեան (ապա` նորացուած), սկզբունքներ, հասնելով լաւրովեան կամ քազանեան գաղտնազերծուած փաստաթուղթերուն տարընթերցումներ կատարելը եւ նման միակողմանի մեկնաբանութիւն ընելը չի բխիր հայկական կողմի շահերէն: Կարելի է հիմնաւորեալ հակաճառել, որ վարչապետին հնչեցուցած միտքը չի համապատասխաներ իրականութեան: Բայց հիմնականը այս պարագային այլ հանգամանքներու կը վերաբերի:

Երբ պարտուած կողմի բանակցային դիրքերը տկարացած են եւ պարզ ու յստակ կ՛երեւայ, որ թշնամին առիթը կ՛ուզէ  լիարժէք օգտագործել առաւելագոյնը ձեռք բերելու կամ միակողմանի զիջումներ պարտադրելու. երբ հետզհետէ կը ծանրանայ միջազգային ճնշումը` համաձայնութիւններու գործընթացները արագացնելու, երկրի գլխաւոր դէմքը ողջմտութիւնը պիտի ունենայ միայն ներքին լսարանի համար յայտարարութիւններ չհնչեցնելու: Պաշտօնական ամէն յայտարարութիւն լայնօրէն կը շահարկուի հակառակորդին կողմէ:

Ամէն մէկ նման զիջումնային յայտարարութիւն կ՛օգտագործուի հակառակորդին եւ համաձայնութեան առաջնորդելու կոչուած ուժերուն կողմէ  պայմանագիրներ պարտադրելու` իրենց քաղաքական ծրագիրներուն իրականացման ընթացքին:

Բանակցային դիւանագիտութեան մէջ կայ յատուկ մարտավարութիւն մի՛շտ դիմացի կողմը, յաչս միջազգային ընտանիքին, միջնորդին` մերժողի դիրքին վրայ տեղադրելու: Առաջարկուած սկզբունքները, կէտերը կամ համաձայնութեան նախագիծերը մերժողը ընդհանրապէս եղած է ազրպէյճանական կողմը: Անկախ այս հանգամանքէն, նաեւ կայ հետեւեալ հարցադրումը. եթէ հայկական կողմը ընդունած ըլլար Արցախը ազրպէյճանական կազմին մէջ, ինչո՞ւ այդ փաստաթուղթերը հետեւողականօրէն մերժած են հայր եւ որդի Ալիեւներու իշխանութիւնները:

Վարչապետի յայտարարութեան մէջ կայ երանգային շրջանցում: Ամէնէն շատ քաղաքական իրապաշտութեան վերադառնալու, առաւելապաշտութենէն ձերբազատելու, ռոմանթիզմին եւ ցնորատեսութեան վերջ տալու, Ժելեզնովոտսքեան տրամաբանութենէն մինչեւ լրջանալու եւ խաղաղութիւնը ի գին զիջումներու պատերազմէն գերադասելու ուղերձ յղողին հասցէն պարզ է: Խնամքով շրջանցուած է առաջին նախագահին անունը: Շեշտուած` երկրորդ, երրորդ նախագահներն ու Դաշնակցութիւնը:

Դաշնակցութեան հասցէին հնչած մեղադրանքը կրնան ջրել խնամքով շրջանցուած նախագահին նախապէս կատարած մեղադրանքները` «ոչ մէկ դիզականութեամբ», «Հայդատականութեամբ» եւ նման եզրաբանութեամբ ձեւակերպուած: Միտքը յստակ է. Դաշնակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան տարածքը կ՛ընկալէր փաստացի սահմաններով, այլ խօսքով` հայկական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող արցախեան բոլոր տարածքներով: Այս հասկացողութիւնը հետագային ստացաւ նաեւ սահմանադրական հիմք` Արցախի վերափոխուած Սահմանադրութեամբ: Իսկ հիմա ալ  վերահաստատուած` Արցախի Ազգային ժողովի ապաբռնագրաւման մասին որդեգրած օրէնքով:

Յատկապէս զգայուն ժամանակահատուածներու, երբ բանակցութիւններու վերսկսման միջազգային նախաձեռնութիւններ կ՛առնուին, երբ մանաւանդ պատերազմ կորսնցուցած դիրքերէ, հայկական կողմի ներկայացուցիչները բանակցելու առաձգականութեան չեն տիրապետեր, ընդդիմութիւն հարուածելու մղումը պէտք է երկրորդական կարգ մղել: Այդ կ՛ակնկալուի պետական բարձրագոյն պաշտօններ վարողներէն:

Մանաւանդ որ պետական մտածողութեամբ ընդդիմութիւնը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչին ճամբով միջազգային հանրութեան ուղերձ կը յղէ, որ ժողովուրդը պատրաստ չէ երթալու միակողմանի զիջումներուն:

Այս հանգամանքները նկատի ունենալով որեւէ առաւել չի բերեր բանակցային փաստաթուղթերուն Ազրպէյճանի դիրքերը ամրացնող նման յայտարարութիւններ կատարելը` ըսելու համար, որ հայկական կողմը միշտ համաձայն եղած է Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ներառելուն: Տակաւին տարբեր խնդիր, որ այդպէս ալ չէ եղած հայկական կողմի դիրքորոշումը: Ի վերջոյ բանակցիլը տարբեր է, համաձայնիլը տարբեր է եւ ստորագրելը` տարբեր: Իսկ այս առումով միակ պարտուողական, միակողմանի զիջումներ ընդունած եւ ստորագրուած փաստաթուղթը 9 նոյեմբերի հրադադարի պայմանագիրն է:

Պետական մտածողութիւնը բացակայ է: Այդ պատճառով ալ ներքին թիրախ խփելը կը գերադասուի արտաքին քաղաքականութենէն եւ բանակցային դիրքերը վերաամրացնելու անյետաձգելի հրամայականէն:

 «Ա.»

Նախորդը

Արմէն Ռուստամեան. «Որեւէ Կարգավիճակ Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Պիտի Երաշխաւորէ Արցախի Հայաթափումը»

Յաջորդը

«ՕԹԱՆ Պատրաստ Է Ուքրանիոյ Զէնքի Երկարաժամկէտ Մատակարարումներուն» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.