Սպանական Վալենսիա ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 44 տարեկան իտալացի Կենարօ Կաթուզօ նշանակուեցաւ գլխաւոր մարզիչ` երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելէ ետք:
Կաթուզօ նախորդ ամառ թէեւ պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր Ֆիորենթինայի հետ, սակայն ֆութպոլիստներու փոխանցման գծով տարակարծութիւններու պատճառով երկու շաբաթէն լքած էր իր կազմը:
Ան մարզած է նաեւ Փիզան, Ա. Սէ. Միլանը եւ Նափոլին:


