Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիոյ Տարածքային Զիջումներ Կատարելու Որոշումը Պէտք Է Տան Ուքրանացի Ժողովուրդն Ու Զելենսքին» Կ՛ըսէ Պլինքըն

June 16, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ ժողովուրդը եւ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի գլխաւորած կառավարութիւնը պէտք է առանձին որոշեն տարածքային զիջումներու կարելիութեան հարցը, Միացեալ Նահանգներ չեն պատրաստուիր իրենց դիրքորոշումը պարտադրելու: «Փի.Պի.Էս.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործող նախարար Էնթընի Պլինքըն:

«Ուքրանիոյ ապագան ուքրանացիներու ձեռքերուն մէջ է: Այդ որոշումները պէտք է կայացնեն ուքրանացի ժողովուրդն ու ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած կառավարութիւնը, ներառեալ նախագահ Զելենսքին: Անոր որոշելիքն է, թէ ի՛նչ կը բխի իր երկրին շահերէն: Մենք ալ պիտի զօրակցինք», լրագրողներու հարցումին ի պատասխան ըսած է Պլինքըն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու արեւմտեան երկիրները «օրը 24 ժամ, շաբաթը 7 օր կ՛աշխատին, որպէսզի համոզուին, որ անոնք (ուքրանացիները, «Ա.») պիտի ստանան այն ամէնը, ինչ որ անհրաժեշտ է` Ռուսիոյ դէմ պատերազմ մղելու համար»:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան թուիթըրեան պաշտօնական էջին վրայ զետեղուած է պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթընի հետեւեալ մէջբերումը. «Ռուսական ներխուժումը օրինակ է այն բանին, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, երբ մեծ տէրութիւնները կ՛որոշեն, որ իրենց կայսերական ախորժակները աւելի կարեւոր են, քան իրենց խաղաղ դրացիներու իրաւունքները»:

«Ռուսական ներխուժումը այն է, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, երբ ճնշողները կը խախտեն մեզ բոլորս պաշտպանող կանոնները: Եւ ատիկա քաոսի եւ իրարանցումի հաւանական աշխարհի նախադիտումն է, որուն մէջ մեզմէ ոչ ոք կ՛ուզէր ապրիլ», աւելցուցած է Փենթակոնի ղեկավարը:

«Վոյեննոյէ Օպոզրենիէ» իր կարգին հաղորդեց, որ Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ-ի ուժերու նախկին հրամանատար Ուեսլի Քլարք յայտարարած է. «Հակառակ զէնքի եւ սպառազինութեան մատակարարման, Ուքրանիան Ռուսիայէն կը պարտուի»: Անոր համաձայն, առանց լրացուցիչ օգնութեան, Քիեւի վարչակարգին վրայ կարելի է խաչ քաշել:

Ամերիկացի զօրավարը խօսք արտասանած է «Ատլանտեան խորհուրդ»-ին մէջ` ըսելով, որ առանց ՕԹԱՆ-ի օգնութեան Ուքրանիան չի կրնար յաղթել Ռուսիոյ: Անոր համաձայն, դաշինքին անհրաժեշտ է միջամտել տագնապին եւ Ռուսիոյ ստիպել դադրեցնել զինուորական յատուկ գործողութիւնը:

Քլարք համոզուած է, որ ՕԹԱՆ-ի ղեկավարութեան կողմէ ներկայիս վարուող չմիջամտելու քաղաքականութիւնը արդէն հինցած է, դաշինքը պէտք է «ռուսական նախայարձակումին» պատասխանէ:

 

Նախորդը

«Ուքրանիոյ Պարտութիւնը Եւրոպական Միութեան Եւ ՕԹԱՆ-ի Համար Լիակատար Ձախողութիւն Ու Աղէտ Պիտի Նշանակէ» Կ՛ըսէ Լեհաստանի Վարչապետը

Յաջորդը

Օվերչուք Թուրքիոյ Մէջ Դռնփակ Դրութեամբ Հանդիպում Ունեցած Է Էրտողանի Հետ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ  Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք,  Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք, Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»

October 3, 2026
Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը.  Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւնները Զայրացած Են
Միջազգային

Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Զայրացած Են

October 3, 2026
Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ  Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ  Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար
Միջազգային

Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.